«Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Արժանթինի պետական քաղաքականութեան մաս է, ոչ թէ հատուածական պայքար»,- NEWS.amի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ, Սոցինտերնի՝ Ա.Պ.Հ., Կովկասի եւ Մերձ-սեւծովեան երկիրներու յանձնաժո
ղովի փոխ-նախագահ Մարիօ Նալբանդեան, որ աշխուժօրէն կը մասնակցի Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի գործունէութեան։ «Տարիներ շարունակ մենք պայքարած ենք եւ այսօր կրնանք ըսել, որ Արժանթինի իւրաքանչիւր կուսակցութիւն եւ քաղաքական գործիչ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին կը վերաբերի ամենայն լրջութեամբ։ Նոր ընտրուած նախագահն ալ եղած է Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետ եւ 8 տարիներու ընթացքին միշտ աջակցած է մեզի։ Հարաւային Ամերիկայի մէջ արդէն իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ալիք սկսած է, զոր պէտք է շարունակել»,- ըսած է Մարիօ Նալբանդեան։
Հ.Յ.Դ. անդամի խօսքով՝ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցէն ետք, պէտք է անցնիլ նոր փուլի, ուր մեր իրաւական պահանջները կը ներկայացնենք։
Ըստ արժանթինահայ գործիչի՝ հայերու վարած պայքարը օրինակ եղած է նաեւ ուրիշ ժողովուրդներու համար, ինչը ողջունելի է։