
Փաստաթուղթով կոչ կ՚ուղղուի Թուրքիոյ առերեսուելու պատմութեան հետ եւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կը նշուի նաեւ, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ աշխարհի մէջ կը ծնի նոր ոճիրներ: Եւրոպայի Ժողովրդավար Ուսանողներ կազմակերպութեան նախագահ Եորղոս Հաճի-Եորղիոն ըսած է, որ EDS առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական դիրքորոշում կը ներկայացնէ ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ.- «Մեր Խորհուրդի հաւաքի ընթացքին բազմաթիւ քննարկումներ եղան, եւ ձայներու մեծամասնութեամբ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը ընդունուեցաւ: Մենք կոչ կ՛ընենք Եւրոմիութեան բոլոր երկիրներուն, որ իրենք եւս ճանչնան ու դատապարտեն Ցեղասպանութիւնը: Պէտք է ըսեմ, որ Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութիւնը նոյնպէս ունի իր պաշտօնական՝ դատապարտող դիրքորոշումը հարցին շուրջ: Բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ մեր ցանկութիւնն էր, որ EDS եւս ունենայ իր պաշտօնական տեսակէտը այդ առումով»:
Եւրոպայի Ժողովրդավարական Երիտասարդական Համայնք կազմակերպութեան (DEMYC-Ե.Ժ.Ե.Հ.) նախագահ Խաւիեր Ուրթատօ Միրան կարեւոր համարած է այն փաստը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կը խօսի Եւրոխորհըրդարանին մէջ իշխող ուժի` Եւրոպայի Ժողովրդական Կուսակցութեան պաշտօնական ուսանողական կառոյցը` EDSը: «Պէտք է ըսեմ, որ DEMYC նոյնպէս այս տարուան Ապրիլին Երեւանի մէջ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող փաստաթուղթ: Մենք այսօր դարձեալ այստեղ ենք` աջակցելու մեր հայ ընկերներուն, որպէսզի այս հարցը աւելի լայնօրէն քննարկուի միջազգային օրակարգին վրայ»,- նշած է Խաւիեր Ուրթատօ Միրան` ընդգծելով, որ այստեղ գտնուող եւրոպացի ուսանողները, վերադառնալով իրենց երկիրները, պիտի խօսին այս մեծ ոճիրի մասին: Ան իր խօսքը ամփոփած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի կարգախօսով` «Կը յիշենք ու կը պահանջենք»: Այս օրերուն Երեւանի մէջ Հ.Հ.Կ. երիտասարդական կազմակերպութեան հրաւէրով տեղի կ՛ուենայ EDSի Խորհուրդի հաւաքը: