Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես»ին յայտնած են, որ Իտալիոյ Լ՛Աքուիլա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը 26 Նոյեմբերին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Իտալիոյ մէջ Հայերու Միութեան ուղղուած նամակներուն մէջ, Լ՛Աքուիլայի քաղաքապետ Մասսիմօ Չիալենթէ յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Լ՛Աքուիլայի քաղաքապետական խորհուրդը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին` ի հաստատումն պատմական ճշմարտութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան: