Դեկ­տեմ­բեր 3ին, Ֆ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը քննար­կեց Պուշ-տիւ-­Ռո­նի ե­րես­փո­խա­նու­հի Վա­լե­րի Պո­ւա­յէի կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մին պատ­ժե­լիու­թիւ­նը նա­խա­տե­սող օ­րի­նա­գի­ծը: Քն­նար­կու­մը կա­տա­րո­ւած է փոքր թի­ւով ե­րես­փո­խան­նե­րու ներ­կա­յու­թեան:

«­Ժա­մա­նակն է, որ Ֆ­րան­սա ստանձ­նէ այն պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւ­նը, զոր ու­նի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պահ­պան­ման ի խնդիր։ Կը յու­սամ, որ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան­նե­րը օ­րի­նագ­ծի քուէար­կու­թեան ըն­թաց­քին կ­՚ըլ­լան միաս­նա­կան»,- յայտ­նած է Պո­ւա­յէ, քննարկ­ման սկիզ­բը:

Քն­նարկ­ման մաս­նակ­ցած եւ ե­լոյթ ու­նե­ցած ե­րես­փո­խան­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը Ֆ­րան­սա­յի մէջ ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը պատ­ժող օ­րէն­քի մը հաս­տատ­ման ի նպաստ ար­տա­յայ­տո­ւած է, սա­կայն վեր­ջա­պէս ո­րո­շո­ւած է նա­խա­գի­ծը ղրկել յա­տուկ յանձ­նա­ժո­ղով:

Այ­նու­հե­տեւ, տե­ղի ու­նե­ցած է քո­ւէար­կու­թիւ­նը. ներ­կայ 38 ե­րես­փո­խան­նե­րէն 26ը քո­ւէար­կած են բա­նա­ձե­ւը յանձ­նա­ժո­ղով ղրկե­լու ի նպաստ, 12ը` դէմ: Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւ ըն­կեր­վա­րա­կան ե­րես­փո­խան­նե­րը, ո­րոնք պաշտ­պա­նած են օ­րի­նա­գի­ծը յանձ­նա­ժո­ղո­վին ղրկե­լու տե­սա­կէ­տը, ի­րենց այս քայ­լը պատ­ճա­ռա­բա­նած են ա­ճա­պա­րե­լէ եւ նա­խորդ օ­րի­նա­գի­ծե­րուն ճա­կա­տագ­րէն խու­սա­փե­լու մտա­հո­գու­թեամբ: Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով որ ա­նոնք խորհր­դա­րա­նա­կան բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թեան տէր են եւ կրնա­յին օ­րի­նա­գի­ծը ան­ցը­նել ե­թէ փա­փա­քէին, կը մնայ յու­սալ, որ ա­նոնց յայտ­նած մտա­հո­գու­թիւ­նը ան­կեղծ է եւ ոչ՝ ձգձգե­լու մի­ջոց մը: Քա­նի ար­դէն չորս տա­րի պի­տի ըլ­լայ, որ նա­խա­գահ Հո­լանտ որ­պէս ժխտու­մի պատ­ժե­լիու­թեան «ան­խոնջ պաշտ­պան» ներ­կա­յա­ցած էր ու ը­րած՝ խոս­տում­ներ, ո­րոնց ի­րա­գործ­ման նշոյլն իսկ չտե­սանք:

2013ի Յու­նո­ւա­րին, Պո­ւա­յէի պատ­րաս­տած նա­խա­գի­ծը ըն­դու­նո­ւած էր Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին եւ Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ, սա­կայն Սահ­մա­նադ­րա­կան Խոր­հուր­դը զայն մեր­ժած էր՝ սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­կոտ­նեայ նկա­տե­լով: