Այս մասին News.amի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ, Ընկերվար Միջազգայնականի Ա.Պ.Հ. երկիրներու, Հարաւային Կովկասի եւ Մերձ-սեւծովեան պետութիւններու յանձնախումբի փոխ-նախագահ Մարիօ Նալպանտեան, որ աշխուժօրէն կը մասնակցի Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի գործունէութեան:
Անոր համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը բնականաբար դիւրին հոլովոյթ չէ: «Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այս տարի Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ շատ վառ ելոյթ ունեցած էր, որուն ընթացքին ողջունած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը եւ յաջողութիւն մաղթած: Այդ յայտարարութեամբ ան հակուած էր ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: 3 տարի առաջ Ուրուկուէյը խորհրդարանական պատուիրակութիւն ուղարկած էր Ղարաբաղ: Երկրի խորհրդարանի ղեկավարն ու բազմակուսակցական պատուիրակութիւնը այցելած էին Լեռնային Ղարաբաղ եւ համապատասխան հանդիպումներ ունեցած», յիշեցուցած է Մարիօ Նալպանտեան:
Ան նշած է, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ շատ բարձր է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի գիտակցութեան մակարդակը: «Այդ մէկը կը խթանէ շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման աշխատանքները: Հոլովոյթը, ինչպէս ըսի, բարդ է, բայց այս պարագային ճշմարտութիւնը հայ ժողովուրդին կողմն է, եւ մենք պէտք է շարունակենք այդ աշխատանքներուն իրականացումը», աւելցուցած է Մարիօ Նալպանտեան: