Տնեփրոփեթրովսքի քաղաքային խորհուրդի անդամ, հայ համայնքի ներկայացուցիչ Էդիկ Բաղդասարեան յայտնած է, որ քաղաքապետը մէկ շաբաթ առաջ ստորագրած է որոշումը, որ ապա տեղադրուած է քաղաքապետարանի կայքին վրայ: Բաղդասարեան նոյնիսկ որոշումին օրինակը պատճէնահանած է, որպէսզի ուղարկէ լրատուամիջոցներուն` հերքելու համար ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն յերիւրանքը: «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Տնեփրոփեթրովսքի քաղաքային խորհուրդը քննարկման դրած է այս տարուան Սեպտեմբերին: Այդ ժամանակ թուրքերն ու ատրպէյճանցիները մեծ աղմուկ բարձրացուցին: Նոյնիսկ Ուքրանիոյ մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը եկած էր քաղաքապետարան` պահանջելով, որ օրինագիծը չորդեգրուի: Անոնք այս մէկ ամսուան ընթացքին անընդհատ խումբերով կու գան քաղաքապետարան եւ ամէն ջանք կը գործադրեն, որպէսզի օրինագիծը չորդեգրուի: Սակայն 24 Հոկտեմբերին, Տնեփրոփեթրովսքի քաղաքապետը ստորագրած է քաղաքային խորհուրդի ներկայացուցած օրինագիծը եւ ատիկա մտած է ուժի մէջ»,- հաստատած է Բաղդասարեան:
Ուքրանիոյ Տնեփրոփեթրովսք քաղաքը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը
- Details
- Category: Հայ Դատ
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տարածած այն լուրը, որուն համաձայն, Ուքրանիոյ Տնեփրոփեթրովսքի քաղաքապետը մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը, իրականութեան չի համապատասխաներ: