Սպանիոյ Վալենսիա մարզի Ալտաիա քաղաքը Հոկտեմբեր 27ին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը` դառնալով թագաւորութեան 11րդ քաղաքը, որ պաշտօնապէս ոճիրը կը կոչէ իր անունով: Այս մասին կը հաղորդէ Սպանիոյ մօտ Հ.Հ. դեսպանութիւնը:
Վալենսիոյ «Արարատ Հայկական Միութեան» ներկայացուցած բանաձեւը քաղաքական խորհուրդի նիստին քննարկման դրած է ՁԱԽ ՄԻՈՒԹԵԱՆ խօսնակ Խուանխօ Եորէնտեն: Խորհուրդի բոլոր 4 կուսակցութիւնները միաձայն ընդունած են բանաձեւը` դատապարտելով ոճրագործ Թուրքիան եւ քննադատելով անոր ժխտողականութիւնը:
Նիստին ներկայ էին «Արարատ Հայկական Միութեան» անդամները, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի բարեկամ, արդարութեան անխոնջ մարտիկ Սալվատոր Կարսիա տէ լա Մօտան, որ, ի նշան երախտիքի, «Անմոռուկ» կրծքանշան նուիրեց քաղաքապետին: Քաղաքային խորհուրդի նիստին ներկայ էին Վալենսիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ սպանացի հասարակական-քաղաքական գործիչներ: