-
Details
-
Category: Հայ Դատ
-

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տէյվիտ Պոնիոր արժանացաւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի բարձրագոյն` «Ազատութեան» մրցանակին, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման գործին մէջ իր ունե ցած մեծ ներդրումին համար: Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կայքը կը հաղորդէ, որ մրցանակը ամերիկացի նախկին պաշտօնեային պիտի շնորհուի 14 Նոյեմբերին` կազմակերպութեան 9րդ ամենամեայ ընդունելութեան ձեռնարկին ընթացքին: «Ազատութեան» մրցանակ պիտի շնորհուի նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան գործիչ, թուրք գրող Ֆեթհիյէ Չեթինին: Ան հեղինակն է «Մեծ մայրս» գիրքին, որուն լոյս տեսնելէն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թուրք հասարակութեան մօտ հետաքրքրութեան զգալի աճ արձանագրուած է: