Քանատայի կառավարութիւնը չի կրնար լռութեամբ հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լարուածութեան սրումին: Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ռոպ Նիքըլսընին ուղղուած նամակին մէջ այս մասին նշած է այդ երկրին մէջ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Ժիրայր Պասմաճեան` յորդորելով երկրին կառավարութիւնը
դատապարտելու ատրպէյճանական կողմի յարձակումները հայկական զօրքերուն եւ խաղաղ բնակիչներուն վրայ:
Յայտնենք, որ Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր յայտարարած է, որ Քանատա չի կրնար ինքնիրեն թոյլ տալ անտարբեր մնալու, երբ խաղաղ քաղաքացիներ կը զոհուին դաժան բռնապետութեան յարձակումներուն պատճառով: Ան ընդգծած է, որ երկրին իշխանութիւնները դեռ չեն արձագանգած վերջերս հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի սադրիչ յարձակումներուն: «Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Քանատային՝ վերահաստատելու իր աջակցութիւնը Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի խաղաղութեան պահպանման ուղղուած գործունէութեան եւ դատապարտելու Ատրպէյճանի յարձակումները»,- նշուած է նամակին մէջ: