Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նամակ մը յղած է Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն` կոչ ուղղելով անմիջականօրէն մատնանշելու այն կողմը, որ կը խախտէ հայ-ատրպէյճանական զինադադարի դրութիւնը:
Գ. Կարապետեան իր նամակին մէջ արտայայտած է Եւրոպայի հայ համայնքներուն մտահոգութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի եւ շփման գիծի երկայնքին լարուածութեան աճին առնչութեամբ:
Ան նաեւ ափսոսանք յայտնած է, որ Ատրպէյճան արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով մերժած է դէպքերու հետաքննութեան աշխատակարգեր ստեղծելու Մինսքի խմբակի առաջարկը:
Աւելի՛ն, Պաքու ամէն ինչ կը կատարէ, որպէսզի խափանէ բանակցային հոլովոյթը: Կարապետեանի կարծիքով՝ Ատըրպէյճանի կառավարութեան նպատակը իր երկրին հասարակութիւնը մեկուսացնելն է` զայն բացարձակ վերահսկողութեան տակ առնելու նպատակով: Կարապետեան համոզուած է, որ ընդհանրական բնոյթի յայտարարութիւնները, կամ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ուղղուած զինադադարի խախտումները դադրեցնելու կոչերուն մէջ գոյութիւն ունեցող հաւասարութեան նշանը իրականութեան աղաւաղում են եւ «կը քաջալերեն Ալիեւի վարչակարգը այն վտանգաւոր խաղին մէջ, զոր ան կը խաղայ նաեւ իր քաղաքացիներու կեանքին գնով»:
Այդպիսով, Գ. Կարապետեան Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին անունով կոչ ուղղեց ուղղակիօրէն մատնանշելու այն կողմը, որ կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը կամ ալ կ՛արգելակէ խաղաղ բանակցութիւնները: «Որեւէ այլ գործողութիւն կը նշանակէ միացեալ պատասխանատուութիւն ստանձնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր պատերազմի հաւանական սկսման համար` շրջանի, ներառեալ նաեւ` Ատրպէյճանի համար անկանխատեսելի եւ շատ վտանգաւոր հետեւանքներով»,- նշուած է նամակին մէջ: