
Մրցանակը պիտի տրուի Հոկտեմբեր 25ին` Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Ա.Մ.Ն. յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի կազմակերպած ամէնամեայ կալայ ընդունելութեան ժամանակ:
Ռապըրթսըն Հոկտեմբեր 23ին եւ 24ին պիտի մասնակցի նաեւ «Ճանապարհ դէպի հատուցում» քննարկումին, որու ընթացքին միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Գառնիկ Քրքոնեանի հետ պիտի քննարկեն միջազգային իրաւունքի ոլորոտին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ պիտի ուսումնասիրեն Հայկական Հարցի լուծման իրաւական ուղիները՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին յաջորդող շրջանին:
«Ճեֆրի Ռապըրթսընի մասնակցութիւնը Հայ Դատի Ա.Մ.Ն. յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի կազմակերպած այս տարուան քննարկման վստահօրէն աւելի բարձր սանդղակ կը սահմանէ ապագայ նման քննարկումներու համար»,- ըսած է Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի համանախագահ Այք Տիքիճեան: