Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն յայտնած են, որ Սպանիոյ Վալենսիա մարզին մէջ գտնուող Սիյա քաղաքը, 29 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած քաղաքային խորհուրդի նիստին ընթացքին, պաշտօնապէս ճանչցած
է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւը ներկայացուած է Ձախ Միութեան բանբեր Վալենթին Մաթէոյի կողմէ: Քաղաքային խորհուրդը ներկայացնող վեց կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ թեր քուէարկած են Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործուած ոճիրը ցեղասպանութիւն որակելու վերաբերեալ բանաձեւին: