Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու Տան անդամներ Էտըմ Շիֆ, Էտ Ռոյս եւ Էլիըթ Էնկըլ դիմած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի Խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքին՝ պահանջելով անոնցմէ, որ հայկա կան ուժերու եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած բռնարարքներուն հակադարձելու ընթացքին, «արհեստական հաւասարութիւն» չդնեն հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու վերաբերմունքին միջեւ:
Քոնկրեսականները յոյժ մտահոգիչ համարած են ատրպէյճանական կողմի յարձակումներուն աճը՝ շեշտելով, որ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն համար նպաստաւոր պիտի չըլլայ ատրպէյճանական կողմի յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն անտեսումը։ Այս պատճառով ալ, անոնք շեշտած են, թէ Ատրպէյճանի բռնարարքները պէտք է յստակօրէն եւ խստօրէն դատապարտուին, անոնց շարունակութիւնը կանխարգիլելու նպատակով:
Էտ Ռոյս եւ Էլիըթ Էնկըլ նաեւ ստորագրութիւններ կը հաւաքեն այլ քոնկրեսականներէ՝ նոյն նպատակով Ուորլիքին ուղղուելիք նամակի մը համար: Ատրպէյճանի բռնարարքները դատապարտելու նպատակով քոնկրեսականներու նամակագրային արշաւին միանալու համար, այցելել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի http://anca.org/StopAliyev կայքէջը:
Նշենք, որ «Պի.Պի.Սի.»ի ատրպէյճանական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ուորլիք Սեպտեմբեր 23ին յայտնած էր, որ Մինսկի Խմբակի համանախագահները կը շարունակեն աշխատանքը Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի հակամարտող կողմերուն հետ համապարփակ համաձայնագիրի մանրամասնութիւններուն շուրջ, սակայն այս հարցը նախ եւ առաջ կախեալ է երկու երկիրներու նախագահներու քաղաքական կամքէն: