Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը ողջունած է Աւստրալիոյ նոր վարչապետ Մալքըլմ Թըրնպուլի ընտրութիւնը։
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Վաչէ Ղահրամանեան երկրի նորընտիր վարչապետին ուղարկած է նամակ մը, որուն մէջ ընդգծուած է.- «Հայերուն առնչուող հարցե րուն նկատմամբ Մալքըլմ Թըրնպուլի նախկին գործունէութիւնը տպաւորիչ է, ու մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք այդ ամուր յարաբերութիւններու շարունակութեան»: Նշենք, որ Թըրնպուլ խորհրդարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վառ կողմնակիցներէն մէկն էր:
23 Նոյեմբեր 2013ին, երբ ան հեռահաղորդակցութիւններու նախարար էր, Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներու Տան մէջ հանդէս եկած էր ելոյթով մը՝ կոչ ընելով պաշտօնապէս ճանչնալու հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները: