Ցաւօք, այսքան անմեղ երիտասարդներու կորուստ եղաւ»,- ըսած է Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահը կը դատապարտէ Սուրուճի մէջ տեղի ունեցած պայթումը
- Details
- Category: Հայ Դատ
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Եւրոպայի կառոյցին անունով, դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պայթումը: «Այս ահաբեկչութիւնը յատկապէս հրէշաւոր է անով, որ Սուրուճի մէջ հաւաքուած երիտասարդները կը պատրաստուէին երթալու Արաբ Բունար եւ իրենց նպաստը բերելու քաղաքի վերա նորոգման գործին»,- ըսած է Գ. Կարապետեան: Ան նաեւ շեշտած է, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը արդիւնքն է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ցոյց տուած անթաքոյց աջակցութեան: «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն աջակցելու Էրտողանի քաղաքականութիւնը, ուշ կամ կանուխ, իր դէմ պիտի գործէ: