«Ֆ­լա­ման­տա­կան Նոր Դա­շինք» Հա­մա­խո­հա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւի հե­ղի­նակ ե­րես­փո­խան Փի­թեր տէ Ռու­վեր «Ար­մէնփ­րես»ին յայտ­նած է, որ Պել­ճի­քա­յի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Պա­լա­տին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւի հե­ղի­նակ­նե­րը դի­մած են խորհր­դա­րան` բա­նա­ձե­ւը ա­րա­գա­ցո­ւած կար­գով ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ 16 Յու­լի­սի լիա­գու­մար նիս­տին քննար­կե­լու հա­մար: «Ես շատ գոհ եմ, որ վար­չա­պետ Մի­շե­լի յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք, ո­րով ան ճանչ­ցաւ 1915 թո­ւա­կա­նի կո­տո­րած­նե­րը իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, մենք` խորհր­դա­րա­նը, կրցանք շա­րու­նա­կել նոյն ո­գիով եւ ներ­կա­յաց­նել մե­ծա­մաս­նա­կան բա­նա­ձեւ: Այս բա­նա­ձե­ւը կոչ կ­՛ուղ­ղէ Թուր­քիոյ՝ ճանչ­նա­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Մեր նպա­տակն է հաշ­տեց­նել հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րը` հա­մընդ­հա­նուր պայ­ծառ ա­պա­գա­յին յոյ­սով: Ես հպարտ եմ, որ այս հո­լո­վոյ­թին մաս­նա­կից ե­ղած եմ եւ ա­ւե­լի հպարտ, որ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բին մէջ բա­նա­ձե­ւին թեր քո­ւէար­կած է ոչ միայն մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մող Հա­մա­խո­հա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը, այլ նաեւ ընդ­դի­մա­դիր Ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը: Մենք խնդրած ենք, որ բա­նա­ձե­ւը ու­սում­նա­սի­րո­ւի ա­րա­գա­ցո­ւած կար­գով եւ մեր հա­շի­ւով լիա­գու­մար նիս­տի ըն­թաց­քին քննար­կու­մի դրո­ւի յա­ջորդ Հինգ­շաբ­թի»,- նշած է ան: