Իս­րա­յէ­լի Ք­նե­սէ­թի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կը խոս­տա­նան ար­ձա­կուր­դէն ետք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւին նա­խա­գի­ծը մտցնել օ­րա­կարգ:

Այ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան Ք­նե­սէ­թի կրթու­թեան, գի­տու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վին մէջ ի վեր­ջոյ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խագ­ծին քննար­կու­մը:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւը կրկին հրեայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին յայտ­նո­ւած էր դեռ Մա­յիս 12ին, երբ «­Մե­րես» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Զա­հա­ւա Գա­լօն հան­դէս ե­կաւ զայն օ­րա­կար­գի վրայ քննար­կե­լու ա­ռա­ջար­կու­թեամբ: Հար­ցը այն ա­տեն փո­խան­ցո­ւե­ցաւ կրթու­թեան, գի­տու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վին, որ ալ այ­սօր լիա­գու­մար բաց քննար­կում կազ­մա­կեր­պած էր:

Նիս­տին ա­ւար­տէն ետք, տեղ­ւոյն Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Յա­կոբ Սե­ւան «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին Ք­նե­սէ­թէն տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ այս ան­գամ բա­ւա­կան լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րուած են: Հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րե­կամ՝ գոր­ծող թէ նախ­կին բազ­մա­թիւ պատ­գա­մա­ւոր­ներ ու փրո­ֆե­սոր­ներ ե­լոյթ ու­նե­ցած են, նոյ­նիսկ այս հար­ցով սո­վո­րա­բար բա­ցա­սա­կան դիր­քո­րո­շում ու­նե­ցող Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը շատ դրա­կան ար­տա­յայ­տո­ւած է ճա­նաչ­ման օգ­տին` նշե­լով, որ հայ-հրէա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եր­թա­լով ա­ւե­լի կը սեր­տա­նան: Ոչ մէկ դէմ ե­լոյթ ե­ղած է այս ան­գամ:

Հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը ղե­կա­վա­րէր Իս­րա­յէ­լի մէջ Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս Ցո­լակ Մոմ­ճեան, իսկ Հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նը կը ներ­կա­յաց­նէր Կո­րիւն վար­դա­պետ Պաղ­տա­սա­րեան. միւս մաս­նա­կից­նե­րը տեղ­ւոյն Հայ Դա­տի պա­տաս­խա­նա­տու­ներն էին:

Նիս­տի ար­դիւն­քով ո­րո­շո­ւած է նա­խա­գի­ծը լիա­գու­մար նիս­տին դնել քննարկ­ման, որ­պէս­զի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւի հար­ցը վերջ­նա­կա­նա­պէս Ք­նե­սէ­թի մէջ լու­ծո­ւի: Ո­րո­շո­ւած է նաեւ հար­ցը քննար­կել Սեպ­տեմ­բեր 21ին` Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան Հանրաքուէի Օ­րը: Եր­րորդ կա­րե­ւոր ո­րո­շու­մը կը վե­րա­բե­րի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, ո­րուն խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը յա­տուկ յանձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ տո­ւած է` ա­ւե­լի խո­րու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը եւ փո­փո­խու­թիւն­ներ մտցնե­լու նաեւ ու­սում­նա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ: