Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի Խոր­հուր­դը Նիւ Եոր­քի մէջ գու­մա­րած իր նիս­տին ըն­թաց­քին ո­րո­շած է քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հա­մար:

Կազ­մա­կեր­պու­թեան Ընդ­հա­նուր Քար­տու­ղար Լո­ւի Ա­յա­լա յայտ­նած է, որ եր­կօ­րեայ քննար­կում­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք՝ կա­ռոյ­ցի ան­դամ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տա­կան Ժո­ղո­վուր­դի Կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կած են հա­մա­ձայ­նու­թեան` հա­շո­ւի առ­նե­լով վեր­ջին շրջա­նին շարք մը ազ­գա­յին խորհր­դա­րան­նե­րու եւ վե­րազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը:

Ա­յա­լա ը­սած է, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ծի­րին մէջ կ­՛ու­զեն կլոր սե­ղան կամ լսում­ներ կազ­մա­կեր­պել հե­տե­ւեալ հար­ցադ­րու­մով.- «Ար­դեօք Թուր­քիոյ կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ի­րա­պէս պի­տի հաշ­տեց­նէ՞ Հա­յաս­տա­նը եւ Թուր­քիան»:

Յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րած է Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Կի­րօ Մա­նո­յեան` շեշ­տե­լով, որ այդ քննար­կու­մը պէտք չէ ըլ­լայ պատ­մա­կան ե­ղե­լու­թեան շուրջ, ինչ որ կը փա­փա­քի Թուր­քիան:Ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է այն բո­լոր փաս­տարկ­նե­րը, թէ ին­չո՛ւ Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի նման մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը պէտք է աշ­խոյժ դիր­քո­րո­շում ու­նե­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման ար­շա­ւին մէջ:

Մա­նո­յեան նշած է, որ Թուր­քիան մին­չեւ հի­մա կը շա­րու­նա­կէ ու­րաց­ման, ժխտման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ փակ կը պա­հէ դէ­պի Հա­յաս­տան ցա­մա­քա­յին ճամ­բան: