
Քննարկումներէն ետք, մեծամասնութեան անդամներու մասնակցութեամբ բանաձեւը ընդունուած է, բայց ոչ միաձայն: Ընկերվարական կուսակցութիւնը, «Մարդասիրական ժողովրդավարական Կեդրոն» կուսակցութիւնը եւ «Էքոլօ»ն ձեռնպահ քուէարկած են: Ընդդիմադրութեան առաջարկած փոփոխութիւնները իշխող մեծամասնութիւնը մերժած է:
Յուլիս 2ին Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Պալատին մէջ ընդդիմադիր Ընկերվարական խմբակցութիւնը եւս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի նախագիծ մը ներկայացուցած էր: Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը իր նախագիծը ներկայացուցած է արտահերթ քննարկման եւ կը ցանկանայ, որ բանաձեւը խորհրդարանը ընդունի նախքան ամառնային արձակուրդները` Յուլիս 21-23ին:
Բանաձեւի իրենց նախագիծերը ներկայացուցած են նաեւ «Մարդասիրական Ժողովրդավարական Կեդրոն» կուսակցութիւնը, Ընկերվարական կուսակցութիւնը եւ «Ֆլամանտական Շահ» կուսակցութիւնը:
Յիշեցնենք, որ բանաձեւի նախագիծը ներկայացուած է «Ֆլամանտական Նոր Դաշինք» (N-VA) համաձայնական կուսակցութենէն Փեթըր տէ Ռովեր: Այդ բանաձեւին մէջ ակնարկ կայ 2015 թուականի Ապրիլ 22ին Ֆլանտրիոյ խորհրդարանի (Պելճիքայի կազմին մէջ գտնուող) ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին, Մ.Ա.Կ.ի 1948 թուականի համաձայնագիրին եւ Եւրոպական Խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով ընդունած բանաձեւին: