
Յունիս 25ին Ալիեւ բացայայտօրէն խօսեցաւ Նախիջեւանի սահմանի յարձակման մասին` յայտարարելով, թէ Հայաստան ատրպէյճանական տարածք է: Մէկ օր անց, արձագանգ չստանալով միջազգային հանրութեան կողմէ, ան իրագործեց իր սպառնալիքները, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ Արման Եփրեմեան»,- նշած է, Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան: Անոր խօսքով` Ա.Մ.Ն. եւ Ե.Ա.Հ.Կ. ձախողած են ատրպէյճանական ահագնացող նախայարձակումին վճռական հակահարուած տալու գործին մէջ: Ատրպէյճանական կողմը Յունիս 26ին, ժամը 18:30ի մօտ, կրակած է Հայաստան-Նախիջեւանեան սահմանի Սիւնիքի մարզի Գորհայք բնակավայրի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ`կիրառելով նաեւ մեծ տրամաչափի զէնքեր: Հայկական կողմի պատասխան կրակէն ետք հակառակորդը կրած է բազմաթիւ կորուստներ, սակայն մարտի ընթացքին ցաւօք զոհուած էնաեւ Հ.Հ. Զ.ՈՒ. զինծառայող շարքային պայմանագրային Արման Մայիս Եփրեմեան` ծնեալ 1987ին: