­Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րա­նի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Պա­լա­տին մէջ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող Բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գի­ծը քո­ւէար­կու­թեան պի­տի դրո­ւի Յու­լիս 7ին: «Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին այս մա­սին յայտ­նած է Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի մա­մու­լի հար­ցե­րով պա­տաս­խա­նա­տու Պե­տօ Տէ­միր­ճեան:

Ա­նոր խօս­քով` խորհր­դա­րա­նին մէջ ներ­կա­յացուած կու­սակ­ցա­կան ու­ժե­րը Յու­նիս 24ին քննար­կած են «Ֆ­լա­ման­տա­կան նոր դա­շինք» (N-VA) հա­մա­ձայ­նա­կան կու­սակ­ցու­թե­նէն Փի­թըր տէ Ռու­վե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման Բա­նա­ձե­ւին նա­խա­գի­ծը: Փաս­տա­թուղ­թը բա­նակ­ցա­յին փու­լի մէջ է,եւ դեռ լուրջ մշակ­ման կա­րիք ու­նի:

«Ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը գոհ չեն նա­խա­գի­ծէն եւ կը քննա­դա­տեն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ Ան­գա­րա­յի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ, քա­նի որ բա­նա­ձե­ւը ա­ւե­լի մեղմ է, քան վար­չա­պե­տին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը: Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ի­րենց ա­ռա­ջարկ­նե­րը պի­տի ը­նեն նա­խա­գի­ծին վե­րա­բե­րեալ եւ ար­դիւն­քով պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի մէկ նա­խա­գիծ»,- պար­զա­բա­նած է Տէ­միր­ճեան:

Պատ­գա­մա­ւոր տէ Ռու­վե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցած նա­խա­գի­ծին մէջ ակ­նարկ կայ 2015 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 22ին Ֆ­լա­ման­տիա­յի խորհր­դա­րա­նի ըն­դու­նած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող Բա­նա­ձե­ւին, Մ.Ա.Կ.ի 1948 թո­ւա­կա­նի կա­նո­նադ­րու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նի` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ա­ռի­թով ըն­դու­նած Բա­նա­ձե­ւին:

Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Պա­լա­տին նե­րա­կա­յա­ցո­ւած Բա­նա­ձե­ւը սոսկ խորհր­դան­շա­կան բնոյթ չի կրեր եւ կոչ կ­՛ը­նէ Պել­ճի­քա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան ճանչ­նա­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ինչ որ կը խթա­նէ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ հաշ­տեց­ման գոր­ծըն­թա­ցին սկսու­մը:

Պել­ճի­քա­յի վար­չա­պետ Չարլզ Մի­շել Յու­նիս 18ին, Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Պա­լա­տի լիա­գու­մար նիս­տին, կա­ռա­վա­րու­թեան եւ իր ա­նու­նով ճանչ­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Պել­ճի­քա­յի խորհըր­դա­րա­նը 1998 թո­ւա­կա­նին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձեւ ըն­դու­նած է Վե­րին Պա­լա­տի (­Ծե­րա­կոյտ) մա­կար­դա­կով: