Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին Ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը հա­ղոր­դած է, թէ Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րա­նին մէջ Հինգ­շաբ­թի՝ Յու­նիս 18ին սկսած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւի քննար­կու­մը:

Քն­նարկ­ման ըն­թաց­քին Պել­ճի­քա­յի վար­չա­պետ Շարլ Մի­շել ընդգ­ծած է, որ 1915-1917 տա­րի­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը պէտք է ճանչ­ցո­ւին իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն,- տե­ղե­կա­ցու­ցած է պել­ճի­քա­կան «­Լը Սո­ւար» թեր­թը: Ա­պա՝ վար­չա­պե­տը, իր կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով, Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ մէկ դար ա­ռաջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած հա­յե­րու սպան­դը ո­րա­կած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն:

Խորհր­դա­րան ներ­կա­յա­ցո­ւած բա­նա­ձե­ւին հե­ղի­նա­կը Ֆ­լա­մա­կան Նոր Դա­շինք կու­սակ­ցու­թե­նէն պատ­գա­մա­ւոր Փի­թըր տը Ռու­վերն է, որ ող­ջու­նած է վար­չա­պե­տին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը՝ նշե­լով, որ ներ­կա­յա­ցո­ւող բա­նա­ձե­ւը լա­ւա­գոյն մի­ջոցն է այս գծով յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու: Ան յայտ­նած է, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւը միայն խորհր­դան­շա­կան բնոյթ չի կրեր: «­Մեր նպա­տակն է, որ Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րանն ու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ճանչ­նան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այ­նու­հե­տեւ, մենք կ­՛ու­զենք նաեւ խթա­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ»,- յայտ­նած է տը Ռու­վեր: Ն­շենք, որ Պել­ճի­քա­յի Ծե­րա­կոյ­տը 1998ին վա­ւե­րա­ցու­ցած էր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձեւ մը։