Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու Պալատը Յունիս 16ին քննարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի պաշտօնական կայքը կը փոխանցէ` 1915 թուականին հայերու, յոյներու եւ ասորիներու զանգուածային սպանութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն որակելու Մ.Թ. կառավարութեան դիրքորոշման մասին առաջին հարցը բարձրացուցած է պարոնուհի Քերոլայն Քոքս:
Ընդգծելով, որ աշխարհի 20է աւելի երկիրներու խորհրդարաններ ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանի եւ Ուէյլսի Համագումարի ընդունած բանաձեւերը` պարոնուհին հարցուցած է` արդեօք Մ.Թ. կառավարութիւնը որեւէ մտադրութիւն ունի՞ վերանայելու իր դիրքորոշումը եւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու 1915 թուականի իրադարձութիւնները: Քերոլայն Քոքսը նաեւ յիշեցուցած է Հռոմի Ֆրանսիս Պապի խօսքերը այն մասին, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ է ապաքինման, հաշտեցման եւ առաջ շարժելու համար:
Կառավարութեան անունով Պահպանողական կուսակցութեան անդամ, Քորթաունի Կոմս (The Earl of Courtown) Ճէյմս Սթոփֆորտ պատասխանած է, որ Մ.Թ. կառավարութիւնը կը ճանչնայ 20րդ դարասկիզբին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ բնակող հայ ժողովուրդին եւ այլ խումբերուն հասցուած սարսափելի տառապանքները: «Յիշելով եւ յարգելով անցեալի զոհերուն յիշատակը, մենք կը գտնենք, որ Մ.Թ. գերակայութիւնը պէտք է ըլլայ օգնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն ու ժողովուրդներուն` համատեղ առերեսուելու իրենց ընդհանուր պատմութեան»,- նշած է Սթոփֆորտը: Ան աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը տեղեակ է 1915 թուականի զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագի ժամանակ Հռոմի Պապի ըրած յայտարարութեան եւ կը յարգէ անոր տեսակէտը այդ հարցին շուրջ:
«Մենք համամիտ ենք, որ շատ կարեւոր է խիզախութեամբ առերեսուիլ պատմութեան դասերուն եւ մեր կարողութիւններու սահմաններուն մէջ ամէն հնարաւորը ընել՝ նման վայրագութիւնները կանխելու համար»,- նշած է ան: Հարցուպատասխանի ժամանակ լորտ Լինտըն Հարիսընը, պարոնուհի Սառա Լատֆորտ եւ լորտ Ուիլիըմ Պախ հարցեր յղած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հաշտեցման վերաբերեալ` մասնաւորապէս խնդրելով ներկայացնել, թէ ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէ Մ.Թ.ը այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ:
Ճէյմս Սթոփֆորտ դրական գնահատած է այն, որ վերջին Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական ծագումով պատգամաւորներ ընտրուած են խորհրդարանին մէջ: