Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը, Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեանց առն­չու­թեամբ, իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած էր քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղով­դավ­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան:

Ըստ «Ար­ցախփ­րես»ի՝ Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջը կը փո­խան­ցէ, որ յանձ­նա­խում­բին կող­մէ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րո­ւած էր եւ ու­ղար­կո­ւած Թուր­քիա` խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար:

Թուր­քիա մեկ­նած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջ ե­ղած են Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան, հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պի յանձ­նա­կա­տար Պե­տօ Տէ­միր­ճեան, Վե­րա Եա­գու­պեան, Պետ­րոս Պետ­րո­սեան ու Ճորճ Աղ­ճա­յեան: Քուէար­կու­թեան օ­րը պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լած է շարք մը ընտ­րա­տե­ղա­մա­սեր, ար­ձա­նագ­րած է կա­տա­րո­ւած խախ­տում­ներն ու յա­րու­ցո­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը ընդ­դի­մա­դիր, յատ­կա­պէս` Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովըր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան հան­դէպ:

Դի­տարկ­ման ար­դիւնք­նե­րը պի­տի հրա­պա­րա­կո­ւին յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն: Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ա­տե­նա­պետ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան ող­ջու­նած է ընտ­րու­թեանց ար­դիւնք­նե­րը եւ յայտ­նած, որ Թուր­քիոյ խորհըր­դա­րա­նին մէջ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը կը նշա­նա­կէ, թէ հոն կայ քա­ղա­քա­կան ուժ մը, որ կրնայ պայ­քա­րիլ ա­զա­տու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան հա­մար: Յի­շեց­նենք, որ Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան քրտա­մէտ կու­սակ­ցու­թիւ­նը մե­ղադ­րած էր «հայ­կա­կան լոպ­պիի հետ սա­կար­կու­թիւն­ներ ը­նե­լուն մէջ»: Ի դէպ, կայ­քէ­ջը հրա­պա­րա­կած է նաեւ շարք մը լու­սան­կար­ներ, ո­րոնց շար­քին՝ թրքա­կան թեր­թե­րէն մէ­կը, որ քրտա­մէտ կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը մե­ղադ­րէ հայ­կա­կան լոպ­պիի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լուն մէջ: «Ժ.Ժ.Կ.ն­ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ոչ թէ Թուր­քիոյ, այլ հայ­կա­կան թե­զե­րու կող­քին է»,- գրո­ւած է թեր­թի յօ­դո­ւա­ծի վեր­նա­գի­րին մէջ: