­Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րա­նի Ս­տո­րին ­Պա­լա­տի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը մտա­դիր է ճանչ­նալու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այս մա­սին RTBF եւ RT պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րուն տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած է ­Պել­ճի­քա­ յի խորհր­դա­րա­նի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան «­Բա­րե­փո­խա­կան ­Շար­ժում» (MR) խմբակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ ­Տե­նի ­Տիւ­քարմ:

Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի՝ յա­ռա­ջի­կա­յին խմբակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դը հա­մա­պա­տաս­խան բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գիծ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ս­տո­րին ­Պա­լա­տին՝ առ ի քննար­կում: Ն­շենք, որ «­Բա­րե­փո­խա­կան ­Շար­ժում»ը միակ քա­ղա­քա­կան ու­ժը չէ, որ կը պա­հան­ջէ ան­յա­պաղ ճանչ­նալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

­Հա­մա­խո­հու­թեան ան­դամ մէկ այլ կու­սակ­ցու­թիւն մը՝ «Ֆ­լա­մանտ ­Նոր ­Դա­շինք»ը (N-VA), ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ ար­դէն բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գիծ ներ­կա­յա­ցու­ցած է, սա­կայն ­Տիւ­քարմ շեշ­տած է, որ նա­խա­գի­ծը տա­կա­ւին լուրջ մշակ­ման կա­րիք ու­նի, ո­րով­հե­տեւ բո­վան­դա­կու­թեան մէջ կը բա­ցա­կա­յի Ս­տո­րին ­Պա­լա­տին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին դրոյ­թը, ինչ որ, ըստ պար­բե­րա­կա­նին, ­Տիւ­քարմ նկա­տած է կա­րե­ւո­րա­գոյն կէ­տը:

RLN պար­բե­րա­կա­նը հաս­տա­տած է, որ բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ կ­՛ու­զեն ճանչ­նալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, եւ թրքա­կան ծա­գում ու­նե­ցող կարգ մը պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու վե­րա­բե­րու­մը վէ­ճի պատ­ճառ կը դառ­նայ: ­Պար­բե­րա­կա­նը կը յի­շեց­նէ «­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Մար­դա­սի­րա­կան ­Կեդ­րոն» կու­սակ­ցու­թեան օ­րի­նա­կը, երբ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը մեր­ժող պատ­գա­մա­ւոր ­Մա­հի­նուր Օզ­տե­միր հե­ռա­ցո­ւած էր կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րէն։

Ն­շենք, որ ­Պել­ճի­քա­յի ­Ծե­րա­կոյ­տը 1998ին ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ կոչ ուղ­ղած ­Թուր­քիոյ՝ ըն­դու­նե­լու իր ան­ցեա­լը: