Պ­րա­զի­լի Դաշ­նա­յին (Federal) Ծե­րա­կոյ­տը 3 Յու­նի­սին վա­ւե­րա­ցուց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող Բա­նա­ձե­ւը: Թիւ 550/2015 Բա­նա­ձե­ւը ներ­կա­յա­ցո­ւած էր ծե­րա­կու­տա­կան­ներ Ա­լիո­զիօ Նու­նեզ Ֆե­րէյ­րա Ֆի­լո­յի եւ Հո­զէ Սե­ րա­յի կող­մէ: Հոն միա­ժա­մա­նակ կոչ կ­՛ուղ­ղո­ւի՝ Հա­յաս­տա­նի հետ Պ­րա­զի­լի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սեր­տաց­նե­լու: Բա­նա­ձե­ւը ներ­կա­յա­ցու­ցած ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րը նաեւ կոչ ուղ­ղած են Թուր­քիոյ, որ ճանչ­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ շի­նիչ երկ­խօ­սու­թեան ձեռ­նար­կէ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց հետ: Պ­րա­զի­լի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ Ճէյմս Օն­նիկ Թա­մա­ճեան ող­ջու­նեց Բա­նա­ձե­ւին վա­ւե­րա­ցու­մը, որ կը հա­մընկ­նի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին հետ: