altՍիտ­նէ­յի հիւ­սի­սա­յին ա­փին գտնո­ւող աւստ­րա­լա­կան Ո­ւի­լոու­պի վար­չա­կան տա­րած­քի քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դը միա­ձայն ըն­դու­նած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող միջ­նոր­դա­գիր:

Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րես»-­ին տե­ղե­կա­ցու­ցած են Հայ դա­տի Աւստ­րա­լիոյ յանձ­նա­խում­բէն, Մա­յիս 11-­ին Ո­ւի­լոու­պիի քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դը քննար­կած է միջ­նոր­դա­գի­րը, ուր նշո­ւած է. «Ո­ւի­լոու­պի քա­ղա­քի խոր­հուր­դը կը ճանչ­նայ հայ, յոյն եւ ա­սո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ 1915-­1922 թո­ւա­կան­նե­րու ըն­թաց­քին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ կը դա­տա­պար­տէ այս եւ միւս բո­լոր ցե­ղաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ու մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը` որ­պէս ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան բա­ցար­ձակ դրսե­ւո­րում»:

Միջ­նոր­դա­գի­րը Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-­րդ տա­րե­լի­ցին ներ­կա­յա­ցու­ցած է աւստ­րա­լա­հայ հա­մայն­քի վա­ղե­մի բա­րե­կամ, քա­ղա­քա­յին խորհուրդի ան­դամ Ճոն Հու­փը­րը: Այսպէս Ո­ւի­լոու­պին դար­ձաւ աւստ­րա­լա­կան երկ­րորդ ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մի­նը, որ ճանչցաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այս­տեղ կը բնա­կին հա­զա­րա­ւոր հա­յեր, կը գոր­ծեն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն­ներ:

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած ա­ռա­ջին ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մի­նը ե­ղած է Ռայտ քա­ղա­քը: