Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի «Եւ­րո­պա­կան ա­զատ դա­շինք» (European Free Alliance, EFA) կու­սակ­ցու­թիւ­նը ՄԱ­Կի եր­կիր­նե­րուն կոչ ը­րած է ճանչ­նա­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը: ­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւած է Ապ­րիլ 16-18ին ­Գեր­մա­նիոյ մէջ կա­յա­ցած կու­սակ­ցու­թեան տա­րե­կան վե­հա­ժո­ղո­վին ըմ­թաց­քին:

­Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ը­սուած է. «Եւ­րո­պա­յէն դուրս EFA-ը կը նկա­տէ ան­կա­յու­նու­թեան աճ, յատ­կա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ: ­Մեկ­նե­լով ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. պա­տե­րազ­մի եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեայ դա­սե­րէն, EFA-ը կոչ կ­՛ը­նէ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պու­թեանց՝ կան­խե­լու բռնու­թիւ­նը՝ քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հա­մար: ­Պա­տե­րազմն ու ցե­ղա­յին զտում­նե­րը եր­բեք պէտք չէ կրկնո­ւին: EFA-ը կոչ կ­՛ը­նէ ՄԱ­Կի եր­կիր­նե­րուն՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, ա­զա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան սկզբունք­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան, ճանչ­նա­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը՝ որ­պէս ան­կախ պե­տու­թիւն: ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը EFA-ի հա­մար ա­ռանց­քա­յին կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի: ­Մենք չենք փա­փա­քիր միայն պաշտ­պա­նել պե­տու­թեան մէջ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, այլ նաեւ կ­՛ա­ջակ­ցինք այդ ինք­նո­րոշ­ման ար­դիւն­քով յա­ռա­ջա­ցած նոր պե­տու­թիւն­նե­րուն: EFA-ը ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ այդ «չճանչ­ցո­ւած, սա­կայն տէ ֆաք­թօ ան­կախ պե­տու­թիւն­նե­րուն» օգ­նե­լու հա­մար»:

­Վե­հա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած է ԼՂՀ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ­Ղա­րա­բա­ղի խորհր­դա­րա­նի ղե­կա­վար Ա­շոտ ­Ղու­լեան: ­Լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ար­ցա­խի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ա­նոր յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րը: ­Յա­ջոր­դած քո­ւէար­կու­թեան ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դա­մի ի­րա­ւունք­նե­րով միա­ձայն ըն­դու­նո­ւած է EFA-ի կազ­մին մէջ: