altՄանիսէս Սպանիոյ ութերորդ քաղաքն է, որ միացաւ այն քաղաքներու շարքին, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ  Վալենսիայի Արարատ Հայկական Միութիւնը:
Այդ ութը քաղաքներէն հինգը՝ Միսլատան, Բուրխասոտը, Բետերան, Չիրիվէյան եւ Մանիսէսը, կը գտնուին Վալենսիայի մարզը:
Նման ցուցանիշը, անկասկած, կը վկայէ շրջանի հայութեան հետեւողական եւ անաչառ աշխատանքի մասին, որը այժմ արդէն կ'անցնի նաեւ Վալենսիայի սահմանները՝ հասնելով այլ մարզերու այնպիսի քաղաքներ, ինչպիսին են Պինտոն, Սան Սեպաստիանը, Պիլպաոն եւ Մերիտան:
Անոնցմէ առաջին երկուքը նոյնպէս արդէն ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, իսկ միւսները դեռ եւս որոշ հարցեր կը ճշդեն: Եւ այսպէս, Արարատ Հայկական Միութեան ներկայացուցած դիմումին հիման վրայ Ձախ Միութեան կողմէ կազմուած բանաձեւը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու, քննարկուեցաւ Մանիսէսի քաղաքային խորհուրդին մէջ: Բանաձեւը ներկայացուց Ձախ Միութեան (Izquierda Unida) խօսնակ Մանուէլ Գուտիէռէս Լիեբանան (Manuel Gutierrez Liebana), որ մասնաւորապէս նշեց, որ հայերու զանգուածային ջարդերէն է որ միջազգային բառարանին մէջ առաջացած է Ցեղասպանութիւն բառը՝ շնորհիւ լեհ փաստաբան Ռաֆաէլ Լեմքինի: Ան նաեւ նշեց, որ չափազանց կարեւոր է, որ Սպանիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը։