Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի բանբեր Շթեֆըն Զայպերթ յայտարարած է, որ կառավարութիւնը պիտի սատարէ Ապրիլ 24ին խորհրդարանին մէջ ներկայացուելիք բանաձեւին, որ 1915 թուականի եղելութիւնը կը համարէ Ցեղասպանութեան Օրինակ:
«Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ՝ Reuters լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ նման քայլով Եւրոպական Միութեան մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր առեւտրային գործընկերը եւ իր երկրին մէջ միլիոնաւոր թուրքեր հիւրընկալած Գերմանիան կը միանայ միւս պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպիսիք են Ֆրանսան, Եւրոպական Խորհրդարանը եւ Հռոմի Ֆրանսիս պապը, որոնք արդէն օգտագործած են նախագահ Էրտողանի կողմէ դատապարտելի «ցեղասպանութիւն» բառը:
Գերմանիոյ կառավարութիւնը շարք մը պատգամաւորներու դիմադրութեան պատճառով Ապրիլ 20ին ետ կանգնած է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ 1,5 միլիոն հայերու կոտորածները նկարագրելու ժամանակ «ցեղասպանութիւն» բառը չօգտագործելու որոշումէն:
Գերմանիա երկար ժամանակ ընդդիմացած է «ցեղասպանութիւն» բառի կիրառման՝ ի տարբերութիւն Ֆրանսայի եւ միւս երկիրներուն: Սակայն այժմ համաձայնական կառավարութիւնը յայտնուած է խորհրդարանականներու ճնշման տակ, որոնք կը ցանկանան բառը ներառել բանաձեւին մէջ: «Կառավարութիւնը կը սատարէ բանաձեւի նախագիծին, ուր Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն հայերուն բաժին հասած ճակատագիրը պատմութեան մէջ տեղի ունեցած զանգուածային սպանութիւններու, էթնիկ զտումներու, արտաքսումներու եւ այլնի, 20րդ դարու ցեղասպանութիւններու օրինակ է»,¬ ըսած է Զայպերթ:
Պահպանողական Քրիստոնեայ¬Դեմոկրատ կուսակցութեան պատգամաւորները եւ Սոցիալ-Դեմոկրատները կը պնդեն, որ բանաձեւի նախագիծին մէջ, որմէ հանուած էր «ցեղասպանութիւն» բառը, կրկին փոփոխութիւն կատարուի: