Ու­րու­կո­ւէ­յի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Պա­լա­տին մէջ ա­ւար­տած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ար­տա­հերթ նիս­տը:

«Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցին՝ Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­փի Հո­չա­չա­նեան ը ­սած է, որ ար­տա­հերթ նիս­տը բա­ւա­կան եր­կար տե­ւած է, քա­նի որ ներ­կայ ե­ղած են բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, եւ բազ­մա­թիւ պատ­գա­մա­ւոր­ներ ցան­կա­ցած են ե­լոյթ ու­նե­նալ:

Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Պա­լա­տի փոխ-նա­խա­գահ Սու­սան­նա Պե­րէյ­րան իր ե­լոյ­թին մէջ կա­րե­ւո­րած է Ու­րու­կո­ւէ­յի մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին յի­շո­ղու­թեան պահ­պա­նու­մը: Ան խօ­սած է հայ եւ ու­րու­կո­ւէյ­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան մա­սին` շեշ­տե­լով, որ տե­ղի հայ հա­մայն­քը մե­ծա­գոյն ներդ­րում ու­նե­ցած է այդ բա­րե­կա­մու­թեան կա­յաց­ման գոր­ծին մէջ: Պե­րէյ­րան պատ­մած է նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ կա­յա­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ իր դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան մա­սին:

Մէկ այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` Խոր­խէ Գո­ւեկ­չեան պատ­մած է իր հայ­կա­կան ծագ­ման մա­սին` նշե­լով, որ իր մայ­րը, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ ըն­դա­մէ­նը 8 տա­րե­կան ե­ղած է, փրկո­ւած է թուր­քե­րէն` թաք­նո­ւե­լով ա­նա­պա­տի քա­րան­ձաւ­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Սա­կայն գաղ­թի ճա­նա­պար­հին ե­ղած հա­զա­րա­ւոր փոք­րիկ­նե­րուն այդ մէ­կը չյա­ջո­ղե­ցաւ:

Կի­լիեր­մօ Ֆա­սե­լօն խօ­սած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րի­նագ­ծի կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին` ա­ւելց­նե­լով, որ պէտք չէ տա­րան­ջա­տում դրո­ւի Հո­լո­քոս­թի եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջեւ:

Ու­րու­կո­ւէ­յի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Պա­լա­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Դա­նիէլ Ռա­տիօն պա­տաս­խա­նած է Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­ճեփ Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան, թէ ո՞ւր են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­պա­ցոյց­նե­րը: «­Հայ ժո­ղո­վուր­դը քա­րոզ­չու­թեան կա­րիք չու­նի: Ա­տոր հա­մար կան եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­ներ, ա­տոր հա­մար կայ Ու­րու­կո­ւէ­յի խորհր­դա­րա­նը եւ մենք ա­տի­կա կ­՛ը­նենք ա­ռանց մեղ­քի զգա­ցու­մի, ա­ռանց բար­դոյթ­նե­րու, քա­նի որ մենք գի­տենք, որ մեր ը­րա­ծը բա­րո­յա­կան է եւ գի­տենք, որ 50 տա­րի ա­ռաջ այս նոյն շէն­քին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին օ­րի­նա­գիծ ըն­դու­նած­ներն ալ բա­րո­յա­կան էին եւ նաւ­թով կեղ­տո­տո­ւած չէին»,- ը­սած է ան: