­Վա­տի­կա­նի Սուրբ Պետ­րոս տա­ճա­րին մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Հ­ռո­մի Ֆ­րան­սիս Պա­պը Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին հռչա­կած է Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ: Սր­

բա­դաս­ման դա­տումի կար­տի­նալ Ան­ճե­լօ Ա­մա­տօն իր խօս­քին մէջ նշած է, որ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին իր կեան­քով եւ վար­դա­պե­տու­թեամբ քա­րո­զած է գե­ղեց­կու­թեան վար­դա­պե­տու­թիւ­նը եւ ա­նոր խօս­քի գե­ղեց­կու­թիւ­նը եւ վար­դա­պե­տու­թիւ­նը գնա­հա­տած է ժո­ղո­վուր­դը: «100 տա­րի ա­ռաջ Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րա­պետ­նե­րէն մէ­կը՝ սուրբ Եփ­րեմ Ա­սո­րին հռչա­կո­ւե­ցաւ Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ: Այժմ կը խնդրենք, որ Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րա­պետ­նե­րուն տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ յայ­տա­րա­րել Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին:
Ա­նոր խօս­քի գե­ղեց­կու­թիւնն ու աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան միտ­քը միշտ մե­ծա­պէս գնա­հատուած են եւ՛ ժո­ղո­վուր­դի, եւ՛ խո­րի­մաց աս­տո­ւա­ծա­բան­նե­րու կողմէ: Ա­նոր տե­ւա­կան ժո­ղովրդա­կա­նու­թիւ­նը կապուած է իր գլխա­ւոր աշ­խա­տու­թեան՝ «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» հետ, զոր հայ ժո­ղո­վուր­դը կ’անուա­նէ «­Նա­րեկ» եւ անիկա հայ ժո­ղո­վուր­դի կողմէ կը հա­մա­րուի ա­նոր ա­մե­նա­տա­րա­ծուած գրու­թիւ­նը: Ա­նոր միտ­քը եւ խօս­քը հա­մե­մա­տե­լի է Յով­հան­նէս Ոս­կե­բե­րա­նի եւ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի հետ: Ա­հա այս պատ­ճառ­նե­րէն մեկ­նե­լով՝ բազ­մա­թիւ ե­պիս­կո­պոս­ներ դի­մած են Հ­ռո­մի Պա­պին, որ ան հռչա­կո­ւի Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ: Բո­լոր աս­տո­ւա­ծա­բան­նե­րը սուր­բե­րու սրբա­դաս­ման դա­տա­վա­րու­թեան ժո­ղո­վին տո­ւած են ի­րենց դրա­կան կար­ծի­քը եւ ստո­րագ­րած այն հռչա­կագ­րի տակ, որ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին ստա­նայ այդ պա­տո­ւա­բեր տիտ­ղո­սը: Բո­լոր կար­տի­նալ­նե­րու կող­մէն եւս տրո­ւած է այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը», -շեշ­տած է ան: Ն­շած է նաեւ, որ այս տա­րի ա­ռա­ջին հա­րիւ­րա­մեակն է այն սար­սա­փե­լի չա­րի­քին, ո­րուն զոհ գնաց հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ այս ող­բեր­գու­թեան մէջ եւս Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցին հան­դէս ե­կաւ, իբ­րեւ յոյ­սի եւ խա­ղա­ղու­թեան կեր­տիչ: 
Այ­նու­հե­տեւ Թուր­քիոյ մէջ հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նոր­դը՝ գե­րաշ­նորհ Տէր Լե­ւոն արք. Զե­քեան կար­դա­ցած է Նա­րե­կա­ցիի հա­մա­ռօտ կեն­սագ­րու­թիւ­նը՝ բա­ցատ­րե­լու հա­մար ներ­կա­նե­րուն, հիմ­նա­ւո­րու­մը, ո­րուն հա­մար այդ­քան բազ­մա­թիւ կար­տի­նալ­ներ խնդրած են զինք հռչա­կել տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ: Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տի կո­չու­մը բարձ­րա­գոյնն է, որ կրնայ շնոր­հել Հ­ռո­մի Պա­պը: