Վա­տի­կա­նի Սուրբ Պետ­րոս տա­ճա­րին մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած պա­տա­րագ մա­տու­ցեց Ֆ­րան­սիս Պա­պը Կի­րա­կի 12 Ապ­րի­լին։ Ան իր քա­րո­զին մէջ խօ­սե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­

թեան մա­սին, զայն բնո­րո­շե­լով որ­պէս 20-րդ դա­րի ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ ան­նա­խա­դէպ ող­բեր­գու­թիւն:

 

Պա­պը խօ­սե­ցաւ նաեւ ան­կէ ետք պատահած այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին` յի­շա­տա­կե­լով «նա­ցիզ­մի եւ սթա­լի­նիզ­մի կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ո­ճիր­նե­րը, շեշ­տե­լով թէ ա­նոնց յա­ջոր­դե­ցին այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ Ռո­ւան­տա­յի, Քամ­պո­ճիա­յի, Պու­րուն­տիի եւ Պոս­նիա­յի մէջ: 

Ան խօ­սե­ցաւ հա­յե­րու հա­րուստ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան մա­սին` նշե­լով ե­րաժշ­տու­թեան, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ ա­նոր ձգած անջն­ջե­լի հետ­քը:

­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւե­ցաւ նաեւ Սուրբ Գ­րի­գոր Նա­րե­կա­ցիի վար­դա­պե­տաց­ման կարգ: Հն­չեց լա­տի­նե­րէն ֆոր­մու­լան եւ Նա­րե­կա­ցին յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ: ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնուե­ցան ՀՀ նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­ն, Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կո­սը, Մե­ծի տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սը, Հայ կա­թո­ղի­կէ Ներ­սէս Պետ­րոս պատրիարքը: Հա­ւա­քո­ւած էին նաեւ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ՝ տար­բեր մայր ցա­մաք­ամասե­րու եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րէն: Խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետ­նե­րը։ Ն­շենք, որ Վա­տի­կա­նի Սուրբ Պետ­րո­ս տա­ճա­րին մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած պա­տա­րա­գը պատ­մա­կան պահ մըն էր։ Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Հ­ռո­մի Պա­պը պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նեց` յի­շա­տա­կե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Մինչեւ հիմա ե­ղած էին միայն ա­ղօթք­ներ տար­բեր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու զո­հե­րու հո­գի­նե­րու հանգս­տու­թեան հա­մար, բայց պա­տա­րագ չէր մա­տու­ցուած: Յատ­կան­շա­կան է, որ պա­տա­րա­գը նա­խա­ձեռ­նած է ան­ձամբ Հ­ռո­մի Ֆ­րան­սիս Պա­պը:

«­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շը պար­տա­դիր է. ծած­կել յան­ցան­քը կը նշա­նա­կէ ձգել որ վէր­քը ա­րիւ­նա­հո­սի»

­Սուրբ Պետ­րո­սի հրա­պա­րա­կին վրայ հա­ւա­քո­ւած էին բազ­մա­հա­զար ուխ­տա­ւոր­ներ, ո­րոնք հե­տե­ւե­ցան սուրբ պա­տա­րա­գին, ինչ­պէս եւ հե­ռուս­տա­տե­սու­թեամբ հե­տե­ւեցաւ բազ­մա­մի­լիոն հա­ւա­տա­ցեալ­ներ: ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման պա­հան­ջը եր­բեք չէր հնչած այս­քան բարձր ու այս­քան հա­մո­զիչ, այս­քան հա­մա­հունչ մեր քրիս­տո­նէա­կան ինք­նու­թեան հետ, որ­քան Կի­րա­կի 12 Ապ­րի­լին, Վա­տի­կա­նի մէջ մա­տու­ցո­ւած սուրբ պա­տա­րա­գին ա­ռի­թով։
«­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը յի­շե­լը պար­տա­դիր է, ո­րով­հե­տեւ ուր յի­շա­տակ չկայ, այն­տեղ չա­րի­քը դեռ բաց կը պա­հէ վէր­քը: Ծած­կել յան­ցան­քը, կը նշա­նա­կէ ձգել, որ վէր­քը ա­րիւ­նա­հո­սի»:
Այս խօս­քե­րով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ քա­հա­նա­յա­պե­տը, ա­ւելց­նե­լով հե­տե­ւեա­լը.- 

«­Սի­րե­լի հայ եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր, տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ընդգծած եմ, որ կ­՛ապ­րինք պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նա­կաշրջան մը՝ ո­րով­հե­տեւ ներ­կայ ենք ա­ւե­րա­ծու­թիւն­նե­րու խեն­թու­թեան, ո­րոնք ցա­ւօք այ­սօր կը շա­րու­նա­կո­ւին: Մեր քրիս­տո­նեայ եղ­բայր­նե­րէն շա­տե­րը նաեւ ի­րենց ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լու­թեան հա­մար դա­ժա­նօ­րէն կը սպան­նո­ւին, կը գլխա­տո­ւին, կը խա­չո­ւին, կեն­դա­նի կ­՛այ­րուին, կամ բռնի կեր­պով կը տե­ղա­հա­նո­ւին: Այ­սօր եւս, ցա­ւօք սրտի, դեռ կ­՛ապ­րինք տե­սակ մը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ո­րուն պատ­ճա­ռը հա­մընդ­հա­նուր լռու­թիւնն է», ը­սաւ Հ­ռո­մի Պա­պը:
Ա­նոր խօս­քով` մարդ­կու­թիւ­նը ան­ցեալ դա­րուն ե­րեք մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թիւն­ներ ապ­րած է: «Ա­ռա­ջի­նը հա­մընդ­հա­նուր ձե­ւով կը սահ­մա­նո­ւի որ­պէս 20րդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ո­րուն զոհ գնաց ձեր ազ­գը, ինչ­պէս նաեւ յոյ­ներն ու ա­սո­րի­նե­րը, զոհ գա­ցին նաեւ կի­ներ, ծե­րեր, նոյ­նիսկ ե­րե­խա­ներ: Միւս եր­կու­քի պա­տաս­խա­նա­տուն նա­ցիզմն ու կո­մու­նիզմն էին, ստա­լի­նիզ­մը: «­Կը թո­ւի թէ մարդ­կու­թիւ­նը չի դադ­րիր ան­մեղ ա­րիւն հո­սեցնե­լէ, կը թո­ւի, թէ մարդ­կու­թիւ­նը կը մեր­ժէ սոր­վիլ իր սխալ­նե­րէն եւ այ­սօր եւս տա­կա­ւին կան ո­մանք, ո­րոնք ջանք կը թա­փեն վե­րացնե­լու ի­րենց նման­նե­րը, մեղ­սակ­ցու­թեամբ ա­նոնց, ո­րոնք ան­տար­բե­րու­թեան հե­տե­ւան­քով՝ չեն գոր­ծեր: Դեռ չենք սոր­վիր, որ պա­տե­րազ­մը խեն­թու­թիւն է»:

Սերժ Սարգ­սեան ա­ռանձ­նազ­րոյց ու­նե­ցած է Պա­պին հետ

Վա­տի­կա­նի մէջ մա­տուցուած պա­տա­րա­գէն ետք, Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ա­ռանձ­նազ­րոյց ու­նե­ցած է Ֆ­րան­սիս Պա­պին հետ։ ՀՀ նա­խա­գա­հը ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է Սըր­բա­զան քա­հա­նա­յա­պե­տին՝ սուրբ պա­տա­րա­գին հա­մար։
­Սերժ Սարգ­սեան նա­խոր­դող օ­րե­րուն հան­դի­պում ու­նե­ցած է նաեւ Հ­ռո­մի քա­ղա­քա­պետ Ի­նիա­ցիօ Մա­րի­նո­յի հետ։ ՀՀ նա­խա­գա­հը բարձր գնա­հա­տած է Ի­տա­լիոյ ա­ւե­լի քան 60 նա­հան­գա­յին եւ քա­ղա­քա­յին խոր­հուրդ­նե­րու մա­կար­դա­կով Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը։

Թուր­քիան ցնցո­ւած է պա­պի յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք

Թր­քա­կան մա­մու­լը ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գած է Վա­տի­կա­նի մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նուի­րո­ւած պա­տա­րա­գի ժա­մա­նակ Հ­ռո­մի Պա­պի այն յայ­տա­րա­րու­թեան, որ 20րդ դա­րու սկիզ­բը հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­դէպ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցած է: News.am-ի տե­ղե­կաց­մամբ  թրքա­կան Hurriyet-ը գրած է, որ Հ­ռո­մի Պա­պը ար­տա­սա­նեց Թուր­քիոյ հա­մար ոչ ցան­կա­լի բա­ռը՝ 1915ի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կո­չե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: Թըր­քա­կան Haber tuar կայ­քը Հ­ռո­մի Պա­պի յայ­տա­րա­րու­թեան մա­սին լու­րը վեր­նագ­րած է. «Խա­չակ­րաց քէն Թուր­քիոյ դէմ»: Թր­քա­կան Beyazgazete-ը գրած է, թէ Հ­ռո­մի Պա­պը խիստ կատ­ղե­ցու­ցած է Ան­գա­րան եւ հա­մա­պա­տաս­խան ար­ձա­գանգ կը ստա­նայ: Թր­քա­կան Haberler-ը Պա­պի ե­լոյ­թը Թուր­քիոյ հա­մար ցնցում հա­մա­րած է: Իսկ Sabahն­ իր գլխա­ւոր է­ջի մէջ տե­ղադ­րած է յի­շեալ լու­րը՝ ընդգծելով, որ Հ­ռո­մի Պա­պին ե­լոյ­թը մեծ հա­կազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ Թուր­քիոյ մէջ:

Թուր­քիան ետ կան­չած է Վա­տի­կա­նի իր դես­պա­նը

Հ­ռո­մի Պա­պի ե­լոյ­թին պատ­ճա­ռով, Թուր­քիան խո­րա­պէս վրդո­ված է եւ ան­մի­ջա­պէս ետ կան­չած Վա­տի­կա­նի իր դես­պա­նը՝ «խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու» հա­մար:  Նոյն պա­հուն ա­նոնք ի­րենց դժգո­հու­թիւ­նը յայտ­նած են Վա­տի­կա­նին, Պա­պի յայ­տա­րա­րու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։