Միացեալ Նահանգներու Հաուայ նահանգի Ծերակոյտը անցեալ շաբաթ միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը` ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլ 24ը հռչակելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օր: Այս մասին կը հաղորդէ Ա․Մ․Ն․ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
«Ծերակոյտը կը միանայ Հաուայի Ներկայացուցիչներու Տան, ամերիկահայ համայնքին եւ ամբողջ աշխարհով սփռուած հայերուն` ճանչնալով եւ յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, կոչ ուղղելով աշխարհի բոլոր մարդոց երբեք չմոռնալու մարդկութեան դէմ այդ սարսափելի յանցագործութիւնը»,- կը նշուի որդեգրուած բանաձեւին մէջ:
Հաուայի Ծերակոյտին մէջ բանաձեւը ներկայացուցած են ծերակուտականներ Սիւզըն Չան Օքլընտ, Տանըվըն Տելա Քրուզ, Ուիլ Էսփերօ, Պրին Հարիմոթօ, Լես Իհարա կրտսերը եւ ուրիշներ:
Բանաձեւի որդեգրումին ներկայ եղած է հայ համայնքի ներկայացուցիչ Արթուր Արթենեան: