Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը նա­խա­ձեռ­նած է «Ար­շաւ Դէ­պի Ար­դա­րու­թիւն» («March to Justice») հա­մա­ցան­ցա­յին ար­շա­ւը՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով «­Խա­ղա­ղու­թիւ­նը ջա­տա­գո­վել, Հա­յաս­տա­նը պաշտ­պա­նել եւ բռնա­րարք­նե­րու ա­ռաջ­քը առ­նել»։
www.marchtojustice.org հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քը հաս­տա­տուած է այս նպա­տա­կին հա­մար, որ ա­ռիթ պի­տի ըն­ծա­յէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ Հա­յաս­տա­նի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու պայ­քար­նե­րուն մաս­նա­կից դառ­նալ փա­փա­քող­նե­րուն՝ գործ­նա­կան քայ­լեր առ­նե­լու։ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով ի­րա­կա­նա­ցուղ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար, կը խնդրո­ւի այ­ցե­լել նշեալ կայ­քը եւ դի­տել հոն զե­տե­ղո­ւած տե­սա­նիւ­թը, որ­մէ ետք կա­րե­լի է տե­սա­նիւթ մը ար­ձա­նագ­րել կայ­քին վրայ՝ «Ին­չո՞ւ կա­րե­ւոր է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին բազ­մա­պատ­կել հա­յու­թեան ար­դա­րու­թիւն ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու ջան­քե­րը» նիւ­թին մա­սին։

Կայ­քէն կա­րե­լի է նաեւ նա­մակ­ներ յղել ա­մե­րի­կա­ցի կամ օ­տար պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու, պա­հան­ջե­լու հա­մար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու վնա­սուց հա­տու­մը։ Նաեւ՝ կայ­քը կա­րե­լիու­թիւն կ­՛ըն­ծա­յէ Facebookի, Twitterի, Google Plusի եւ հա­մա­ցան­ցա­յին ըն­կե­րա­յին կայ­քե­րու վրայ զե­տե­ղո­ւած նիւ­թե­րուն դիւ­րին բաժ­նեկ­ցու­թիւ­նը։
«Աշ­խար­հա­տա­րած հա­յու­թեան կար­ծիք­ներն ու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ներգ­րա­ւե­լու եւ զայն Հայ Դա­տին ի սպաս դնե­լու նպա­տա­կով կազ­մո­ւած այս կայ­քը պի­տի դիւ­րաց­նէ հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու լսե­լի դարձ­նե­լու ար­շա­ւը՝ զայն ան­նա­խըն­թաց մա­կար­դա­կի մը հասց­նե­լով», կը յայտ­նէ Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան վա­րիչ Ներ­սէս Սե­մէր­ճան, ո­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցած էր այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։