Իտալիոյ Թոսքանա նահանգը 25 Մարտին որդեգրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը: Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով դիմած է Իտալիոյ բո
լոր կարեւոր նահանգապետարաններուն եւ քաղաքապետարաններուն` բանաձեւեր որդեգրելու խնդրանքով:
Այս առնչութեամբ Թոսքանայի նահանգը` 25 Մարտի իր խորհրդարանական նիստի ընթացքին որդեգրած է բանաձեւ մը, որմով զօրակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին: Բանաձեւը ներկայացուցած են Մաուրօ Ռոմանելլի, Տանիելա Լասթրի եւ Ճանլուքա Լացերի: Բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի քարտուղարութեան, որպէսզի զայն փոխանցեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկին: Միւս կողմէ, Սպանիոյ Փինթօ քաղաքի քաղաքապետարանի լիագումար նիստը միաձայնութեամբ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Որոշումին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի. «Փինթոյի քաղաքապետարանի լիագումար նիստը միաձայնութեամբ կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը եւ կը դատապարտէ օսմանցի թուրքերուն կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները: Այս տարի կ՛ամբողջանայ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100 տարին, որուն ընթացքին սպաննուեցան 1,5 միլիոն քաղաքացիներ, իսկ 2 միլիոն հայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց բնակավայրերը»: Այս տարուան ընթացքին ասիկա երրորդ սպանական քաղաքն է, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 17 Մարտին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած էր Պեթերա քաղաքի քաղաքապետարանի լիագումար խորհուրդը, իսկ 15 Յունուարին` Պուրխասոթի քաղաքային խորհուրդը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած սպանական այլ քաղաքներն են Միսլաթան եւ Սանթա Քոլոման:
24 Յունիս 2014ին Նաւարան դարձաւ Սպանիոյ 4րդ ինքնավար շրջանը, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միւս շրջաններն են` Պասքերու երկիրը, Քաթալոնիան եւ Պալէարեան կղզիները: