Եւրոպական Խորհրդարանը որդեգրեց մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ 2013ի իր տարեկան զեկոյցը: Փաստաթուղթին որոշ պարբերութիւնները կը վերաբերին Հայաստանին, մաս
նաւորաբար այն հատուածը, ուր «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն կոչ կ’ուղղուի` ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, եւ Եւրոպական Միութեան հաստատութիւններուն կը խրախուսէ նպաստելու Ցեղասպանութեան ճանաչման»:
«Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ» (Հ.Ե.Բ.) կազմակերպութիւնը այս առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մը` ողջունելով Եւրոպական Խորհրդարանի զեկոյցը: Հ.Ե.Բ. ղեկավար Էտուարտօ Լորենզօ Օչօա գրած է.- «Երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Եւրոխորհըրդարանը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, դարձեալ հաստատելով, որ ցեղասպանութիւնները եւ անոնց ժխտումը պէտք է դիտարկուին մարդկային իրաւունքներու ծիրէն ներս: Այս առանձնայատուկ տարուան ընթացքին, մենք երախտապարտ ենք հայ ժողովուրդին հանդէպ եւրոպական համերաշխութեան այսպիսի ուժեղ ազդանշանի համար»: Եւրոպական Խորհրդարանի զեկոյցը մասնաւորապէս ուշադրութեան տակ կը դնէ մարդկային իրաւունքներու հարցը՝ Եւրոմիութեան գործընկերներուն հետ յարաբերութիւններու պարունակէն ներս, նշելով. «Եւրոմիութեան գործընկեր երկիրներուն պէտք է համագործակցութեան առաւել բարձր կարգավիճակ շնորհուի՝ բացառապէս մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան առնչուող պայմանները բաւարարելու պարագային, իսկ Եւրոմիութիւնը պէտք չէ վարանի յարեբերութիւնները սառեցնելու՝ նշուած պահանջները չբաւարարուելու պարագային»:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ անդրադարձ կայ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակին, մասնաւորպէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, նշելով նաեւ հայերու պարագան: Այս պարբերութիւններով, խորհրդարանը կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն՝ «երաշխաւորելու, որ կրօնական փոքրամասնութիւնները յարգուին աշխարհի տարածքին, մասնաւորապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր քրիստոնեաները, ներառեալ կաթոլիկները, առաքելական հայերը, ղպտիները, եզիտիներն ու իսլամ փոքրամասնութիւնները կը հալածուին «Իսլամական Պետութեան» եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ»: