Ըստ «­Մո­տուս ­Վի­վեն­տի» ­Կեդ­րո­նի նա­խա­գահ, քա­ղա­քա­գէտ Ա­րա ­Պա­պեա­նի` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ինք­նին սո­վա­րա­կան ե­րե­ւոյթ է, սա­կայն Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան (Ե.Ժ.Կ.) կող­մէ ­Մարտ 3ին ըն­ դու­նո­ւած բա­նա­ձե­ւին մէջ կան քա­նի մը կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում­ներ, ո­րոնց­մէ մէ­կը կը վե­րա­բե­րի սե­փա­կան հայ­րե­նի­քին մէջ բնաջնջ­ման, միւ­սը` ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման:

«Ե.Ժ.Կ.ի կող­մից ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճա­նա­չող բա­նա­ձեւն ու­նի ո­րո­շա­կի նշա­նա­կու­թիւն, բայց ես չեմ հա­մա­րում, որ մեր նպա­տա­կը ճա­նա­չումն է, կամ որ դրա վրայ է խարս­խո­ւած մեր հա­տուց­ման ի­րա­ւուն­քը` լի­նի տա­րած­քա­յին, թէ գոյ­քա­յին: Այ­սու­հան­դերձ բա­նա­ձե­ւի մէջ մի քա­նի կա­րե­ւոր նրբու­թիւն կայ, որ­տեղ խօս­ւում է հաշ­տե­ցու­մը ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման ճա­նա­պար­հով ի­րա­կա­նաց­նե­լու մա­սին, այ­սինքն` այդ ար­դա­րու­թեան հաս­տա­տու­մը մեզ յոյս է տա­լիս են­թադ­րե­լու, որ ի­րենք նկա­տի ու­նեն այս­պէս ա­սած` նաեւ հա­տու­ցում­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց հա­տուց­ման չկայ ար­դա­րու­թիւն»,- ըստ Tert.amի՝ ը­սած է Ա.­Պա­պեան:

­Յի­շեց­նենք, որ Եւ­րո­պա­կան ­Ժո­ղովր­դա­կան ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը ­Մարտ 3ին ըն­դու­նեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած բա­նա­ձեւ մը:

Ա­րա ­Պա­պեան նաեւ նշած է, որ բա­նա­ձե­ւին մէջ տեղ գտած է այն միտ­քը, թէ հայ բնակ­չու­թեան բնաջնջ­ման նպա­տա­կով մար­դոց կը տար­հա­նէին ի­րենց հայ­րե­նի­քէն, ինչ որ շատ կա­րե­ւոր է նկա­տո­ղու­թիւն է պատ­մա­կան ար­դա­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար:

«Չ­պէտք է մո­ռա­նանք, որ ի տար­բե­րու­թիւն Հ­րէա­կան ­Հո­լո­քոս­թի, ո­րը տե­ղի չի ու­նե­ցել սե­փա­կան հայ­րե­նի­քում, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը տե­ղի է ու­նե­ցել հայ ժո­ղովր­դի հայ­րե­նի­քում, ին­չի հե­տե­ւան­քով էլ զրկո­ւել ենք դրա­նից»,- ը­սած է ան:

­Քա­ղա­քա­գէ­տը յոյս յայտ­նած է, որ Ե.Ժ.Կ.ին կը հե­տե­ւին նաեւ եւ­րո­պա­կան այլ կա­ռոյց­ներ, բայց ա­տոր զու­գըն­թաց պէտք է հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն խո­րաց­նել ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման ճիշտ ըմբռ­նու­մը:

«Ի հար­կէ` բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մը ո­րե­ւէ հե­տա­գայ քայլ չի են­թադ­րում, պար­զա­պէս կոչ է ա­նում ­Թուր­քիա­յին, որ­պէս­զի վեր­ջինս եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քի ան­դամ դառ­նա­լու հա­մար եւս ճա­նա­չի այդ ի­րո­ղու­թիւ­նը»,- ը­սած է ան: