Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը ըն­դու­նած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-­րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած բա­նա­ձեւ: ­Մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած 20-­րդ ­դա­րի ա­ռա­ջին մե­ծա­գոյն ոճ­րա­գոր­ծու­թեան դա­տա­պարտ­ման հար­ ցով ­Հա­յաս­տան ու­նի եւ­րո­պա­կան ա­մե­նա­մեծ քա­ղա­քա­կան ըն­տա­նի­քի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը: «Ար­մէնփ­րես»-­ի հա­ղորդ­մամբ` ՀՀ կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար, իշ­խող` ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան փոխ­նա­խա­գահ Ար­մէն Ա­շո­տեան, տե­ղե­կաց­նե­լով այդ մա­սին, ֆէյս­պու­քի իր է­ջին մէջ գրած է. «Ա­նա­սե­լի ու­րախ եւ հպարտ եմ: ­Քիչ ա­ռաջ ԵԺԿ-­ն­ ըն­դու­նեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-­րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւիրո­ւած բա­նա­ձեւ: ­Բո­լո­րիս շնոր­հա­ւո­րում եմ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգն­ման ճա­նա­պար­հին Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նա­խո­շոր քա­ղա­քա­կան ըն­տա­նի­քի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ստա­նա­լու կա­պակ­ցու­թեամբ»: Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան հա­մա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ նե­րա­ռո­ւած էր ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-­րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գի­ծը: Ան միաս­նա­կան էր, մշա­կուած էր հայ­կա­կան ե­րեք` «­Ժա­ռան­գու­թիւն», «Օ­րի­նաց եր­կիր» եւ ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կող­մէ: ­Բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մը ա­ռիթ պի­տի տայ ամ­րապն­դել քա­ղա­քա­կան դիր­քե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ: «­Նաեւ եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան ինս­տի­տուտ­նե­րում (հիմ­նարկ­նե­րուն) խո­շո­րա­գոյն եւ­րո­պա­կան կու­սակ­ցու­թեան կող­մից ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման փաս­տի վե­րա­հաս­տատ­ման պա­րա­գա­յում, բնա­կա­նա­բար, ա­ւե­լի մեծ դաշտ կը բա­ցի տար­բեր խորհր­դա­րա­նա­կան եւ ոչ խորհր­դա­րա­նա­կան ձե­ւա­չա­փե­րով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րին ուղ­ղո­ւած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րի հա­մար», յայտ­նած էր Ար­մէն Ա­շո­տեան: