­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին ըն­դա­ռաջ, Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան բազ­մա­պի­սի մի­ջո­ցա­ռում­ներ, ո­րոնք նպա­տակ ու­նին ոչ միայն լայն հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յաց­նե­ լու մէկ դար ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւած ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան մա­սին, այ­լեւ՝ ի­րա­ւա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով պա­հան­ջե­լու ճա­նա­չում եւ հա­տու­ցում:

«Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան շեշ­տեց, որ ներ­կայ դրու­թեամբ յանձ­նա­խում­բը Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հետ կը մշա­կէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած բա­նա­ձեւ մը, որ մին­չեւ Ապ­րիլ 24 պէտք է դրո­ւի քո­ւէար­կու­թեան: «­Բա­նա­ձե­ւին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ներ­կայ դրու­թեամբ չեմ կրնար յայ­տա­րա­րել, քա­նի որ աշ­խա­տան­քը ըն­թաց­քի մէջ է եւ յօ­դո­ւա­ծի վերջ­նա­կան տար­բե­րա­կը դեռ չէ մշա­կո­ւած: Բա­նա­ձե­ւը պէտք է դա­տա­պար­տէ Թուր­քիան՝ մէկ դար ա­ռաջ կա­տա­րած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար: Մենք նաեւ կը փա­փա­քինք, որ բա­նա­ձե­ւով ի­րա­ւա­կան հա­տուց­ման պա­հանջ դրո­ւի: Բա­նա­ձե­ւը կոչ է, որ Թուր­քիան ճանչ­նայ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Տար­բեր ա­ռա­ջար­կու­թիւն­ներ կան եւ մենք ա­նոնք կը քննենք՝ ա­ւե­լի լաւ տար­բե­րա­կի հաս­նե­լու հա­մար: Հիմ­նա­կա­նօ­րէն մեծ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հետ կ­’աշ­խա­տինք, որ­պէս­զի ու­նե­նանք անհ­րա­ժեշտ ձայ­ներ եւ բա­նա­ձե­ւը խորհր­դա­րա­նին մէջ կա­րո­ղա­նանք ան­ցը­նել»,- ը­սաւ ան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ դեռ 1987ին Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նը ըն­դու­նած է բա­նա­ձեւ՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին եւ Թուր­քիոյ մա­սին զե­կոյց­նե­րուն մէջ մշտա­պէս կը բարձ­րաց­նէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը: «Ո­րոշ չա­փով լա­ւա­տես եմ, որ բա­նա­ձե­ւին ըն­դու­նու­մը կը յա­ջո­ղի: Կայ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան Խորհըր­դա­րան բա­րե­կա­մու­թեան լաւ եւ ա­մուր Խումբ: Խում­բին ան­դամ­նե­րը յի­սու­նեօթն են: Սո­վո­րա­բար Հա­յաս­տա­նի նման փոքր պե­տու­թիւն­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան խում­բե­րուն մէջ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը տա­սը-տասն­հինգ հո­գի ընդգր­կո­ւած կ­’ըլ­լայ: Կը կար­ծեմ, որ Բա­րե­կա­մու­թեան Խում­բին հետ պէտք է կա­րե­նանք յա­ջողց­նել մեր ծրա­գիր­նե­րը: Օ­րի­նակ, վեր­ջերս ատր­պէյ­ճան­ցի­ներն ալ կազ­մե­ցին Բա­րե­կա­մու­թեան Խումբ, բայց գաղտ­նի կը պա­հեն կազ­մը: Խում­բի ան­դամ­նե­րուն թի­ւը ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ շատ փոքր է: Բա­ցի այդ, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին մէջ այդ­քան ալ պա­տո­ւա­բեր չէ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­րե­կամ ըլ­լա­լը»,- ը­սաւ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան:

Բա­ցի բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մէն, կը նա­խա­տե­սո­ւի, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը Ապ­րի­լին Հա­յաս­տան այ­ցե­լէ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ ո­գե­կո­չէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցը: «­Կազ­մած ենք նախ­նա­կան ցանկ մը Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նի այն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք Հա­յաս­տան պի­տի այ­ցե­լեն: Խում­բին մէջ ընդգր­կո­ւած պի­տի ըլ­լան ոչ միայն Եւ­րո­խորհր­դա­րան-­Հա­յաս­տան Բա­րե­կա­մու­թեան Խում­բի ան­դամ­նե­րը, այ­լեւ այլ պատ­գա­մա­ւոր­ներ: Բ­նա­կա­նա­բար, կազ­մին մէջ պի­տի ըլ­լան խում­բի նա­խա­գահ Է­լե­նի Թեո­խա­րու­սը, փոխ-նա­խա­գահ­նե­րը, ո­րոնք յար­գան­քի տուրք պի­տի մա­տու­ցա­նեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին»:

Ապ­րիլ 24էն ետք ալ Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին

Մա­յի­սին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յու­շար­ձա­նա­գէտ Սա­մո­ւէլ Կա­րա­պե­տեա­նի «Ե­ղեռ­նը Ե­ղեռ­նից յե­տոյ» խո­րագ­րով ցու­ցա­հան­դէ­սը, ուր ներ­կա­յա­ցո­ւած պի­տի ըլ­լան յու­շա­րա­ձա­նա­գէ­տի լու­սան­կար­նե­րը:

Աշ­նան ար­դէն Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը նա­խա­ձեռ­նէ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով՝ նո­ւի­րո­ւած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան: «­Գի­տա­ժո­ղո­վը պի­տի ու­նե­նայ ինչ­պէս գի­տա­կան, այն­պէս ալ քա­ղա­քա­կան բա­ժին: Ներ­կայ պի­տի ըլ­լան մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի մաս­նա­գէտ­ներ, ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­ներ, պատ­մա­բան­ներ եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ: Մենք նաեւ կը փա­փա­քինք, որ հա­սա­րակ քա­ղա­քա­ցի­ներ ալ ներ­կայ գտնո­ւին, որ լսեն քննար­կում­նե­րը: Այս ուղ­ղու­թեամբ ներ­կայ դրու­թեամբ կ­þըն­թա­նան աշ­խա­տանք­ներ»,- ը­սաւ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ մին­չեւ Ապ­րիլ 24 մի քա­նի լե­զու­նե­րով պի­տի հրա­տա­րա­կո­ւի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ամ­փոփ գիրք, որ պի­տի պա­րու­նա­կէ քար­տէս­ներ, լու­սան­կար­ներ: Գիր­քը, որ պի­տի ըլ­լայ գեր­մա­նե­րէն, ֆրան­սե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով, պի­տի բաժ­նո­ւի Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն: