ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անհրաժեշտ նկատած է, որ հայութիւնը սահմանէ պահանջները, որոնք պիտի դրուին Թուրքիոյ առջեւ պատասխանատուութեան կանչելու ատեն:
Այս մասին քաղաքական գործիչը յայտնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն «Աշխարհը առանց ցեղասպանութիւններու» բնաբանով խորհրդարանական լսումներու ժամանակ:
«Ցեղասպանութեան դէմ ՄԱԿ-ի 1948 թուականի հռչակագիրը կարեւոր քայլ է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան կանչելու համար: Ատոր մէջ ակնարկ կայ պետական պատասխանատուութեան մասին: Կը խորհիմ, սակայն, որ այդ պատասխանատուութիւնը, յանձնուած ըլլալով միջազգային արդարադատութեան, եւ փաստօրէն շատ քիչ պարագաներու կիրարկուած ըլլալով, պատճառ դարձած է, որ ցեղասպանութիւն գործողները համարձակ շարժին: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ անհրաժեշտ է, որ մենք՝ հայերս, սահմանենք, թէ ի՛նչ կը պահանջենք թուրքերէն պատասխանատուութեան կանչելու համար», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ անոր, այդ նպատակով 2007 թուականէն աշխատանք կը կատարէ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրութեան խումբը, որ վերջերս զեկուցում ներկայացուցած է եւ առաջարկներ կատարած:
«Զեկուցումին մէջ ներկայացուած է 1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումներու հարցին իրաւական, պատմական, քաղաքական, բարոյական կողմերուն առնչուող համապարփակ մօտեցում: Զեկուցումը կ՛առաջարկէ անցումային արդարութեան տեսութեան հիման վրայ հատուցումներու ծրար, որ կը պարունակէ հինգ բաղադրիչ», նշած է Մանոյեան:
Ըստ անոր, քանի որ Հայոց ցեղասպանութեան պարագային անմիջական յանցագործները արդէն ողջ չեն, որպէսզի դատապարտուին, այդ բաղադրիչը կարելի չէ կիրարկել: «Երկրորդը‘ ճանաչում, ներողութիւն, կրթութիւն եւ յիշատակում: Այն է՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնն ու մեղսակից ոչ կառավարական միաւորումները պէտք է պաշտօնապէս ճանչնան ցեղասպանութիւնը եւ ներում հայցեն: Ճանաչման մէջ պէտք է յստակ նշեն ցեղասպանութեան ճշգրիտ մանրամասնութիւնները, թէ ո՛վ եւ ի՛նչ ըրած է եւ որո՛նք զոհուած են, նշուի ցեղասպանութեան հետ ժամանակակից Թուրքիոյ կապին բնոյթը եւ բացատրուի հայերուն նկատմամբ Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը», ներկայացուցած է Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ հատուցման ծրարին, Թուրքիա պէտք է իր երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս իրականացնէ լայնածաւալ կրթական նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին՝ ցեղասպանութեան պատմութիւնը դարձնէ Թուրքիոյ հանրային կրթական ծրագիրներու կարեւոր բաղադրիչը: Թուրքիա պէտք է հիմնէ բազմաթիւ թանգարաններ եւ ֆինանսաւորէ ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկները ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ: «Այն տարածքներուն մէջ, որոնք պիտի չվերադարձուին հայերուն, պէտք է վերականգնուին պատմական հայկական տեղանունները: Երրորդ բաղադրիչը աջակցութիւնն է հայերուն եւ Հայաստանին: Թրքական պետութիւնը պէտք է քաղաքական եւ այլ աջակցութիւն ցուցաբերէ հայկական պետութեան եւ համայն հայութեան անոնց երկաժամկէտ կենսունակութեան ապահովման նպատակով: Բացի նիւթական հատուցումներու եւ վնասաբեր գործողութիւններու դադրեցումէն, ինչպիսին հայ-թրքական սահմանը երկու տասնամեակ փակ պահելն է, Թուրքիա պէտք է դրական քայլեր կատարէ», նշած է Կիրօ Մանոյեան:
Չորրորդ բաղադրիչին համաձայն, Թուրքիա պէտք է «առողջանայ»: «Բացի ժխտողական գործունէութեան ամբողջական դադրեցումէն եւ թրքաբնակ հայերու եւ այլազգիներու նկատմամբ յարգանքի հաստատումէն, թրքական պետութիւնն ու հասարակութիւնը բոլոր հիմնարկներէն պէտք է արմատախիլ ընեն հակահայկականութեան եւ ցեղասպանութեան գաղափարախօսութեան եւ գործունէութեան հետքերը», ընդգծած է քաղաքական գործիչը:
Հատուցման ծրարի հինգերորդ կէտով Թուրքիա պէտք է իրականացնէ գոյքի վերադարձ՝ մահուան ու տառապանքի դիմաց փոխհատուցում տայ: «Ցեղասպանութեան ժամանակ բռնագրաւուած հողը, շինութիւնները եւ այլ անշարժ ու շարժական գոյքը պէտք է վերադարձուին: Ոչնչացուած եւ անհասանելի գոյքի դիմաց պէտք է տրուի փոխհատուցում: Վերադարձուած կամ փոխհատուցուած գոյքի պարագային պէտք է փոխհատուցում տրուի չստացած շահոյթի դիմաց: Բացառութեամբ այն պարագաներուն, երբ անհատ հայերը ունին ճշգրիտ գոյքի վերաբերեալ լիակատար փաստաթուղթեր, գոյքի վերադարձը եւ ամէն տեսակի փոխհատուցումը պէտք է տրուի հայերուն‘ իբրեւ խումբի: Այս յատկացումներու տրամադրումը Հայաստանի պետութեան, աշխարհի եւ տեղական հիմնարկներուն, պէտք է կատարուի արդար հոլովոյթի միջոցով», շեշտած է Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ անոր, յատկացուելիք տարածքի որոշման հարցին մէջ կարելի է կիրարկել զանազան մօտեցումներ‘ հակառակ անոր որ հատուցման խումբը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը լաւագոյն տարբերակը կը նկատէ: «Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման թղթածրարին շուրջ պէտք է ըլլայ համահայկական համախոհութիւն, ինչպէս Թուրքիոյ կողմէ կայ համախոհութիւն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրին մէջ: Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչելը կը նպաստէ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման», եզրափակած է Կիրօ Մանոյեան: