«Փրենսա Արմենիա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուրուկուէյի փոխնախագահ Տանիլօ Ասթորի Հայաստան իր այցելութենէ առաջ Քարասքօ օդակայանին մէջ զրուցած է Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչին հետ՝ Հայաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նպատակներուն

մասին:
Ասթորի նշած է. «Հայոց ցեղասպանութիւնը յաւերժ պիտի ապրի մեր յիշողութեան մէջ: Չկայ պատմութիւն կամ ապագայ՝ առանց յիշողութեան»:
Ան աւելցուցած է. «Յոյսով եմ, որ իմ ուղեւորութիւնս պիտի օգնէ աւելի ամրապնդելու ընկերական յարաբերութիւնները հրաշալի երկիր Հայաստանի հետ»:
Նշենք, որ Ուրուկուէյի փոխնախագահը  Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին հրաւէրով Հայաստան այցելած էր 5 Դեկտեմբերին:
Ան մինչեւ հիմա Հայաստան այցելող ուրուկուէյցի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարն է:
Ուրուկուէյը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնն է: