Եւրոերեսփոխան կիպրացի տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս խստօրէն դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ուղղաթիռի խոցումը եւ բողոքի նամակ մը ուղարկած է Եւրոպական Միութեան Յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքերի, կոչ ուղղելով, որ այդ գծով քննութիւն տեղի ունենայ եւ բացայայտուին դէպքի բոլոր մանրամասնութիւնները:

Նամակին մէջ նաեւ նշուած է՝ որ Ղարաբաղի հարցի լուծումը միայն ժողովուրդներու ինքնորոշման հիմքով է, որ պիտի լուծուի: