Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, երէկ Չորեքշաբթի օրուայ Ազգային Ժողովի նիստը բանալով, յայտարարեց՝ մէկ օր առաջ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացման մասին լուրը: «Կ'ողջունենք եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Յունաստանի խորհրդարանին» ըսած է Գալուստ Սահակեանը:
«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ Ազգային Ժողովի շնորհաւորական խօսքը ընդունուած է պատգամաւորներու ծափահարութիւններով:
Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցած են պատգամաւորներ, որոնք յիշեցուցած են թէ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքի նախագիծ ներկայացուած է ՀՀ Ազգային Ժողովին եւ կոչ ուղղած են անդրադառնալու այս հարցին:
Յիշեցնենք, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ պահանջք ներկայացուած է՝ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման մասին համապատասխան օրէնք ընդունելու անհրաժեշտութեան կապակցութեամբ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի յայտարարութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ սպասարկութենէն ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, ուր նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կ'ըսէ.¬ «Հայաստանը ողջունում է Յունաստանի խորհրդարանի կողմից Սեպտեմբերի 9-ին օրէնքի ընդունումը, որով քրէականացւում է Յունաստանի Ազգային ժողովի կողմից ճանաչուած ցեղասպանութիւնների ժխտումը։
Այս քայլով Յունաստանը եւս մէկ անգամ ապացուցեց իր հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներին  եւ կարեւոր քայլ կատարեց՝ ցեղասպանութիւնների եւ մարդկութեան դէմ այլ ծանր յանցագործութիւնների կանխարգելման ուղղութեամբ»։

Ինչպէս անցաւ Յունաստանի խորհրդարանէն ներս օրինագիծի քուէարկութիւնը

Յունաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած անուանական քուէարկութեան ժամանակ՝ օրինագիծին ի նպաստ քուէարկեցին 54 երեսփոխաններ՝ Նոր Հանրապետութիւն, ՓԱՍՕՔ, ՏԻՄԱՐ (բացի Մարիա Ռեփուսիէ) եւ անկախ խորհրդարանականներ: Դէմ եղան 42 երեսփոխաններ՝ ՍԻՐԻԶԱ, Համայնավար կուսակցութիւն, «Անկախ Յոյներ» եւ «Ոսկեայ Արշալոյս», ինչպէս եւ անկախ խորհրդարանականներ՝ Խր. Այտոնիս, Փ. Թացոփուլոս, Վ. Քափերնարոս, Ե. Քասափիտիս եւ Ե. Քուրաքոս: Ձեռնպահ մնացին Վ. Փոլիտորաս, Մ. Անտրուլաքիս եւ Տ. Փսարիանոս անկախ խորհրդարանականները:
Ըստ օրինագիծի թիւ 2 յօդուածին, 6 ամիսէն մինչեւ 3 տարուայ ազատազրկում եւ 10.000¬30.000 դրամական տուգանք սահմանուած է ցեղասպանութեան ուրացման յանցանքը գործող ոեւէ անհատի դէմ։