Խորհրդարանական երկար քննարկումներու առիթ տուած ցեղապաշտութեան դէմ օրինագիծը՝ վերջնական հանգրուան կը հասնի վաղը Երեքշաբթի օր, երբ հելլէն խորհրդարանէն ներս անուանական քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ՝ մեծամասնութեան մէջ ընդունուած, բայց որոշ կէտերու վրայ խնդրայարոյց մնացող օրինագիծին գծով։
Զեկուցաբերներու ներկայացումները աւարտեցան անցեալ Ուրբաթ երեկոյեան, բուռն վիճաբանութիւններէ եւ կրքոտ ելոյթներէ ետք։ Վերջաւորութեան, խորհրդարանի դիւանը ընդունելի դարձուց Ոսկեայ Արշալոյս կուսակցութեան դիմումը՝ անուանական քուէարկութիւն կատարելու առընչութեամբ՝ երեք յօդուածներու գծով, որոնց մէջ է նաեւ թիւ 2 յօդուածը, որ կ'անդրադառնայ Ցեղասպանութեանց ժխտման պարագային։