Աւելի քան 600 պատուիրակներու մասնակցութեամբ, Յունիս 20ին աւարտած Ամերիկայի Երիցական եկեղեցւոյ 221րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին, գրեթէ միաձայնութեամբ վաւերացուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ միաժամանակ եկեղեցւոյ 2015ի օրացոյցին մէջ Ապրիլ 26ը կը նշէ իբրեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը յիշատակելու օր։ Բանաձեւը նաեւ պիտի պահանջէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դաստիարակչական նիւթեր պատրաստել եւ ուղարկել Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող երիցական եկեղեցիներուն։
1.8 միլիոն անդամ ունեցող այս եկեղեցւոյ պատմական բանաձեւը ծնունդ առած էր Քալիֆորնիոյ Էնըհայմ քաղաքի, Շիքակոյի եւ Նիւ Ճըրզիի Երիցական եկեղեցիներու ջանքերով։
Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած են պատուելիներ Քրիսթին Չոլաքեան եւ դոկտ. Վարդգէս Քասունի, ինչպէս նաեւ Միշիկընի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ հովիւ Կարապետ քհնյ. Քոչարեան՝ նպաստելով անոր վաւերացման։