Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Քէն Խաչիկեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հայկական ծառայութեան տնօրէն Հրայր Թամրազեանին: Կը ներկայացնենք հարցազրոյցէն հատուած մը, որը կը վերաբերի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Էրտողանի յայտարարութեան:
Մենք ստացանք Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը: Ան կ'ըսէ, որ Թուրքիոյ մէջ «1915 թուականի իրադարձութիւններու վերաբերեալ ազատօրէն տարբեր կարծիքներ եւ միտքեր արտայայտելը բազմակարծութեան հրամայականն է, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան եւ ժամանակակից հասարակութեան պահանջը: Այս յոյսով եւ հաւատով է, որ մենք կը ցանկանք, որ 20-րդ դարու սկիզբին իրենց կեանքը կորսնցուցած բոլոր հայերու հոգիները հանգչին խաղաղութեամբ, իսկ անոնց թոռներուն կը յայտնենք մեր ցաւակցութիւնը»: Ան նաեւ ըսաւ. - «Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցածը բոլորիս համատեղ վիշտն է: Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ բնակչութեան՝ անոնց միջեւ հայերու ցաւը կիսելն ու անոնց յիշողութիւնները հասկնալը մեր մարդկային պարտքն է»: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք, ինչպիսի՞ն է ձեր առաջին արձագանգը անոր:
Ես կը կարծեմ, որ վարչապետին կողմէ լաւ մտածուած յայտարարութիւն է, բայց ցաւօք՝ ան կը շարունակէ առաջ մղել խաբէութեան իր արշաւը: Այս յայտարարութեան մէջ ան, իհարկէ, որեւէ տեղ չի խօսիր ցեղասպանութեան մասին, այլ կը յիշատակէ «համատեղ վիշտը»: Ես չեմ գիտեր ան ի՞նչ նկատի ունի «համատեղ վիշտ» ըսելով: Մեր ծնողները, մեր պապերը, մեր նախահայրերը՝ մեր ժողովուրդը, մեզ ազգն է, որ տառապած է, որ գրեթէ բնաջնջուած է: Այսօր Թուրքիան կը վայելէ այդ սպանութեան, այդ ցեղասպանութեան պտուղները՝ բազմաթիւ հողեր եւ ունեցուածք, հարստութիւն, որը կուտակուած է այդ երկրէն, չարիքի պտուղն է՝ մեր հայրենակիցներէն խլուած է, մեր հաստատութիւններէն, մեր եկեղեցիներէն: Թուրքիան միայն շահած է իր գործած այս ոճիրի արդիւնքով, եւ այժմ Էրտողանը կը խօսի «համատեղ վիշտի մասի՞ն»: Չեմ հասկնար՝ ի՞նչ «համատեղ վիշտի» մասին է խօսքը: Ան շատ բարի գտնուեցաւ՝ ըսելով, որ կը ցաւակցի, բայց ինչի՞ համար ան «կը ցաւակցի»: Ան պարզապէս կþըսէ՝ կը ցաւակցի այն կորուստներուն համար, որ մենք կրած ենք, իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ գործած սպանութիւններուն հետ, հայ ազգի ցեղասպանութեան հետ՝ ո՞ւր է հատուցումը, վնասի վերականգնումը: Նորէն ըսեմ՝ ան անոր կողմէն լաւ կշռադատուած յայտարարութիւն է...։
Եւ այս յայտարարութիւնը կ'օգտագործուի նաեւ այլ երկիրներու մէջ...
Այո, կ'օգտագործուի, եւ մենք պարտաւոր ենք հակադարձել:
Այո, եւ պիտի ըսեն՝ տեսէ՛ք, Էրտողանը արդէն ցաւակցութիւն կը յայտնէ...
Շատ կեղծաւոր յայտարարութիւն է աս՝ կ'ըսէ՝ գիտէք ինչ, մենք Թուրքիոյ մէջ բազմակարծութիւն ունինք...
Ան որեւէ բան կ'ըսէ՞ այն մասին, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը ճանչնան սպանութիւնները, եւ որ հէնց իշխանութիւններն են որ կազմակերպած են սպանութիւնները:
Ոչ, ոչ... բայց ինքը կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ մէջ ազատօրէն կարելի է արտայայտուիլ 1915 թուականի իրադարձութիւններու մասին, եւ ատիկա կը ներկայացնէ որպէս բազմակարծութեան պարտադիր պայման: Մինչդեռ՝ խօսքը երկրի մը մասին է, ուր, եթէ ես եւ դուք կանգնինք ու ըսենք, որ ցեղասպանութիւն եղած է, մեզ կարող են անոր համար կալանաւորել: Օրհան Փամուքը՝ միջազգային ճանաչում վայելող թուրք գրողը, դատապարտուած է՝ ցեղասպանութեան մասին գրելու համար: Այստեղ դուք բազմակարծութիւն կը տեսնէ՞ք, բաց հասարակութիւն կը տեսնէ՞ք:
Իսկ արդեօք ան պատասխանատուութի՞ւնը կը ստանձնէ այս ոճիրի համար: Այդ մասին, կարծես թէ, ոչինչ չկայ:
Ոչ: Մինչդեռ, Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող գիտնականները ժխտողականութիւնը կը բնութագրեն որպէս ցեղասպանութեան վերջին փուլ: Եւ Էրտողանը, շարունակելով ժխտել, կը շարունակէ հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործել: Եւ, անկեղծ ըսելով, ով որ ըլլայ կամ Թուրքիին մէջ, կամ այլուր, կը խուսափի եղածը ցեղասպանութիւն որակելէ, կը դառնայ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուող այս ժխտողականութեան յանցակիցը, եւ թրքական պետութեան սուտերու համար ճանապարհ կը հարթէ:
Բայց գուցէ այս է միայն առաջին քայլը՝ նախքան ինչ-որ այլ բան ընելը: Դուք Թուրքիայի դիրքորոշման մէջ որոշակի մեղմացում չէ՞ք տեսներ:
Կարելի է ըսել, որ Էրտողանը ինչ-որ առումով փորձում է մեղմացնել դիրքորոշումը իր երկրի հասարակութեան համար: Բայց միւս կողմէ՝ ան գիտէ, թէ ինչ տեղի ունեցած է՝ շատ լաւ գիտէ, թէ իրականութեան մէջ ինչ եղած է, եւ ան պէտք է տղամարդկութիւն ունենայ եւ բարձրաձայնէ ատիկա: Մենք կը ճանչնանք անոր վաստակը՝ եթէ ան տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն անուանէ, եւ համարժէք քննարկումներ ծաւալէ արդարացի փոխ հատուցման շուրջ: Բայց կոնկրետ այս յայտարարութիւնը, իմ կարծիքով, աւելին չէ, քան լաւ կշռադատուած դիւանագիտութիւն՝ կեղծաւոր յայտարարութիւն մը, որը կը շարունակէ անոնց ժխտողականութեան արշաւը եւ որեւէ առաջընթաց անոր մէջ տեսնել հնարաւոր չէ:
«Ազատութիւն»