Գաղութի տնտեսական հարցերը մատակարարելու կոչուած ձեր խորհուրդը, ինչպիսի՞ նախաձեռնութիւններու դիմեց, ներկայ դժուար ժամանակամիջոցին մէջ:
Հոկտեմբեր 2012էն, երբ ստանձնեցինք մեր պարտականութիւնները, հետեւեալ պատկերը պարզուեցաւ մեր առջեւ.-
Հայկական ծերանոցի գործունէութենէն կուտակուած պարտքեր՝ աւելի քան 100 հազար եւրոյի գումարով:
Ապահովագրական եւ հարկային պետական հաստատութիւններու դիմաց հին թէ նոր պարտքեր, առաջնորդին հանդէպ շուրջ 30 հազար եւրօ գումարի պարտքեր, ինչպէս նաեւ չհատուցուած վարկեր՝ Թաղականութիւններուն, Հայ Կապոյտ Խաչին եւ անձի մը հանդէպ:
Արագ հաշուարկ մը ցոյց կուտայ, թէ Ազգային Վարչութեան պարտքերը մօտ 500 հազար եւրօ գումարի կը հասնէին, որոնց դիմաց գտնուող գանձը՝ հազիւ 24 հազար եւրօ գումար կը տրամադրէր, ինչպէս եւ 85 հազար եւրօ գումար մը, որ փաստօրէն «գոյութիւն չունէր»:
Մեր նախահաշիւին մէջ անշուշտ տեղ կը գրաւէր Յունաստանի պետութեան կողմէ հայ ուսուցիչներու ամսականներու վճարման պիւտճէն 2010-11 եւ 2011-12 տարեշրջաններուն համար, գումար որ առանց վստահօրէն գանձելի ըլլալու՝ շուրջ 190 հազար եւրօ կը կազմէր:
Որպէս տուեալ ունենալով ուրեմն վերեւ պարզուած պատկերը, առաջին հերթին փորձեցինք ճշդել մեր առաջնահերթութիւնները:
Յայտնի էր, թէ Ծերանոցով ստեղծուած իրավիճակը, բացի առկայ պարտքերէն, շարունակաբար կը ստեղծէր տարեկան 120-150 հազար եւրօի բաց մը: Քննելով մեզի ներկայացուած բոլոր այլընտրանքները եւ առաջնորդուելով լաւագոյն լուծումը ապահովելու մտադրութեամբ՝ յոյն բժիշկի մը յանձնեցինք ծերանոցը, տարեկան նիւթական մեծ բեռէ մը ձերբազատուելով, միաժամանակ նաեւ ապահովելով մեր հայ պատսպարեալներուն համար մեզի տեւաբար տրամադրելի տեղեր:
Միաժամանակ, ազգային առաջնորդարանէն ներս աշխատողներու թիւի նուազում կամ ամսականներու եւ ծախսերու կրճատումներ կատարելով, յաջողեցանք խնայել ամսական 2.5 հազար եւրօ:
Մենք պաշտօնի կոչուեցանք երբ դպրոցական տարեշրջանը արդէն սկսած էր, այսպէս կարելի չէր փոփոխութիւններ կատարել ոչ կրթաթոշակներու գումարներուն, ոչ ալ ինքնաշարժի օգտագործման համար գանձուող գումարներուն վրայ: Կÿուզեմ շեշտել, թէ իւրաքանչիւր աշակերտի դպրոց փոխադրութեան համար տրամադրուած ինքնաշարժի ծախսը, տարեկան կը կազմէ 1.125 եւրօ գումար, մինչ մենք ծնողներէն տարեկան կը գանձենք միայն 250 եւրօ (նոյնիսկ ոչ բոլոր աշակերտներուն համար):
Մէկ այլ հարց, որ բազմիցս թիւրիմացութիւններու առիթ տուաւ ծնողներուն եւ տնօրէնութեանց միջեւ՝ կրթաթոշակներու չորս տարբեր գումարներու առկայութիւնն էր (անվճար, 50, 75 եւ 100 եւրօ):
Վերոյիշեալները նկատի ունենալով, կրթական նախորդ տարեշրջանի աւարտին որոշում կայացուցինք եւ ծնողներուն յայտարարեցինք, թէ դպրոցական ինքնաշարժի գումարը պիտի աւելնայ 500 եւրօի (700 եւրօ հեռաւոր շրջաններու պարագային) եւ ամսական կրթաթոշակը պիտի ձեւաւորուի ամսական 70 եւրօի, բոլոր աշակերտներուն համար անխտիր:
Այս որոշումի գործադրութեան արդիւնքը եղաւ 8 աշակերտ կորսնցնել (տնտեսական պատճառներով) 260 աշակերտի ընդհանուր թիւին վրայ, մինչ լուրջ թիւ մը հրաժարեցաւ ինքնաշարժ օգտագործելէ, որու հիմամբ, մենք ալ մեր կարգին դպրոցական ինքնաշարժներու թիւը նուազեցուցինք 7էն՝ 4ի:
Կարեւոր կը նկատեմ յայտնել, թէ մեր վարժարաններու ազգային դիմագիծը պահպանելու նախանձախնդրութենէն մղուած, այս տարի եւս ընդունեցինք աշակերտներու թիւ մը, որ անվըճար կը ստանայ իր ուսումը, ընտանեկան տնտեսական ծանր պայմաններու ենթակայ ըլլալով:
Նկատի ունենալով այլեւս ի զօրու դարձած նոր տուեալները, նախքան դպրոցական նոր տարեշրջանի սկիզբը, դպրոցական ինքնաշարժներու ճանապարհային նոր ուղիները ճշդեցինք, առարկայականօրէն արժեւորելով դպրոցներու օգնական աշխատակազմը (վարորդներ, ուղեկցողներ, մաքրողներ), պահելով միայն այն թիւը, որ անհրաժեշտ էր դպրոցներու գործունէութիւնը պահպանելու համար: Այսպէս օգնական աշխատակազմի թիւը 19է 13ի նուազեցաւ, իսկ աշխատանքը շարունակող պաշտօնէութեան ամսականներուն վրայ կրճատում կատարուեցաւ: Դժուար էր այս որոշումին յանգիլը, այս պատճառով ալ դիմեցինք Ազգային Վարչութեան եւ Ուսումնական Խոր- հուրդի համագործակցութեան:
Վերեւ նկարագրուած բոլոր քայլերու հիմամբ՝ կարողացանք դպրոցներու բացը նուազեցնել, տարեկան 50 հազար եւրօ գումարով, այսպէս վերջ տալով ծերանոցի մնայուն բացին, նուազեցնելով առաջնորդարանի ծախսերը, եւ ըստ մեր նախահաշիւին՝ դպրոցները ինքնաբաւ դարձնելու հեռանկարով:
Ի՞նչ առաջնահերթութիւններ ճշդած էք գաղութային պարտաւորութիւններու առընչութեամբ:
Տնտեսական ծանօթ տագնապը նկատի ունենալով, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան կազմը, առաջնահերթութիւն նկատեց պետական հարկային եւ ապահովագրական պարտականութիւններու վճարումները կատարել:
Պէտք է նշել, թէ կալուածային գոյքերէ գոյացած վարձքերը սահմանափակ են. կան չորս արժէքաւոր կալուածներ, որոնց վաճառքը սակայն, ներկայ պահուս, բացառուած է: Այսուհանդերձ, Կալուածային Խորհուրդի առաջարկին ընդառաջելով, պատրաստ ենք քննելու անոնց վաճառման հարցը, յետ կալուածներու իրական արժէքի գնահատման եւ ձեռընտու համաձայնութեանց գոյացման:
Ներկայիս, ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէ պետութեան կողմէ հայ ուսուցիչներու վճարման հարցը:
Լսելով եւ կարդալով երկրի տարածքին կատարուած փոփոխութիւններու եւ սեղմումներու մասին, որոնց մէջ ներառնուած է փոխանորդ ուսուցիչներու թիւի կտրուկ նուազեցման հարցը (12.500է՝ 2000 հոգիի), լրջօրէն մտահոգուեցանք հայ ուսուցիչներու տարիներէ ի վեր կայացած համակարգի ապագայի հնարաւորութիւններով:
Հակառակ որ Մարտ 2013էն, Յունաստանի կրթական նախարարութեան յատուկ յանձնախումբը, հայ ուսուցիչները ներառած էր 2000 պաշտօնավարող ուսուցիչներու շարքին, այսուհանդերձ 2013-2014 կրթական տարեշրջանի սկիզբին, տեղեկացանք թէ հայերէն լեզուի դասատուներուն համար նախատեսում բացարձակապէս չկար կրթական նախարարութեան կողմէ:
Անմիջականօրէն հակազդեցինք այս որոշումին, շարունակական հանդիպումներով եւ ճնշումներով պատկան սպասարկութիւններուն մօտ: Այս հարցի ուղղութեամբ հանդիպում ալ ունեցանք նախարար Գոնսթանտինոս Արվանիթոփուլոսի հետ, որ իր թանկագին օժանդակութիւնը ընձեռեց մեզի, պետական համակարգէն ներս պահելով 5 հայ ուսուցիչներ, յաւելեալ՝ միջնակարգի մէկ հայ ուսուցիչը:
Թէեւ հարցը դրականօրէն լուծում գտաւ, տնտեսական յաւելեալ բեռ մը ծագեցաւ մեր առջեւ, որ ծանրաբեռեց մեր նախահաշիւը՝ տարեկան 75 հազար եւրօ գումարով, որ կարելի պիտի չըլլայ լրացնել ներկայ պայմաններու ստեղծած իրավիճակով:
Բացի երկրէն ներս տիրող տնտեսական ծանր վիճակէն, այլ պատճառներ կա՞ն որ դեր խաղացած են մեր գաղութային կառոյցներու բարւոք գործունէութեան:
Երկրէն ներս տիրող կացութիւնը, ինքնին բաւարար պիտի ըլլար անյաղթահարելի դժուարութիւններու մատնելու մեր գաղութային կառոյցներու լման գործունէութիւնը:
Յաւելեալ սակայն, պարտաւորուեցանք այլ դժուարութիւններ եւս յաղթահարելու:
Սուրիոյ հայ համայնքին մօտ տիրող ահաւոր ճգնաժամը թոյլ չի տար մեզի դիմելու համահայկական միութիւններու օժանդակութեան, որովհետեւ այլ առաջնահերթութիւններ գերակշիռ դարձած են:
Նաեւ պէտք է հաստատել, թէ 85 հազար եւրօ գումարի բաց մը կայ մեր գանձէն ներս, որ անցեալի զեղծարարութեան եւ անբաւարար վերահսկողութեան հետեւանք է: Թէեւ այդ գումարէն բաժին մը վերադարձուելու խոստում ստացած ենք, մինչեւ հիմա հազիւ 1.100 եւրօ միայն փոխանցուած է մեզի, դժբախտաբար անհաւանական դարձնելով լման գումարի գանձման հեռանկարը:
Վարժարաններու աշակերտութեան կրթաթոշակներու գանձումները հետըզհետէ աւելի դժուար կը կատարուին:
Պետութեան կողմէ ուսուցիչներուն կատարուած վճարումներու փոխարէն՝ մեզի պարտական գումար կայ, որ չէ յանձնուած, հակառակ որ նոյնիսկ ուշացած՝ նախարարութեան կողմէ վճարումները ամբողջացան Յունիս 2013ին:
Յաւելեալ՝ մեր թաղականութիւններէն, ինչպէս եւ Հայ Կապոյտ Խաչէն տարեկան գումարներ կարելի պիտի չըլլայ գանձել, որովհետեւ արդէն գանձուած են:
Այլ դժուարութիւններու շարքին են հարկային մեր պարտաւորութիւններու բազմապատկումը, վարձուած կալուածներէ ամսական վարձքերու անբաւարար հատուցումը, կամ այլ կալուածներ վարձու տալու անկարողութիւնը:
Անդրադարձաք հայկական ծերանոցի վարձակալման հարցին: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս քայլի տուած արդիւնքը:
Դրական կը համարենք առնուած քայլը, ոչ միայն տնտեսական տուեալներու հիմամբ, այլ նաեւ ընդհանուրին մէջ, որովհետեւ մինչ այժմ՝ մեր հայրենակիցներ պատսպարելու մասին բոլոր մեր դիմումները լրիւ ընդառաջուած են: Մեր տրամադրութեան տակ կը պահենք 12 մնայուն տեղ, թիւ՝ որ ամբողջովին կը բաւարարէ մեր կարիքները:
Նոր մատակարարողի ստանձնումէն ետք, ծերանոցի պատկերը կտրուկ բարելաւուած է, ոչ միայն շէնքային իմաստով (ներկարարական, շինարարական աշխատանքներով, բակի, դուռ-պատուհաններու նորոգութեամբ) այլ մատուցուած ծառայութիւններու տեսակէտէ (հեռատեսիլ եւ օդափոխիչ սարքեր իւրաքանչիւր սենեակի մէջ, եւայլն):
Կÿուզեմ շեշտել, թէ նոր դասաւորումէն ետք, պատսպարեալներու թիւը 18է աւելցած է 50ի, լրիւ օգտագործելով ծերանոցի հնարաւորութիւնները: Այս տուեալը լուրջ խորհրդածութիւններու առիթ պէտք է հանդիսանայ, նկատի առած թէ նախապէս ալ իրաւունք ունէինք ոչ հայ պատսպարեալներ ընդունելու, բայց երբեք չկարողացանք նման արդիւնքներու հասնիլ:
Որո՞նք են ձեր ծրագիրները անմիջական թէ աւելի հեռանկարային իմաստով, մեր վարժարաններու, այլեւ գաղութային տնտեսական իրավիճակի բարելաւման համար:
Այլընտրանք չունենալու հարկադրանքը մեզ կը մղէ անգամ մը եւս դիմելու մեր ժողովուրդի անսակարկ զօրակցութեան, գիտակցելով հանդերձ բոլոր կողմէ դիմագրաւուող տնտեսական դժուարութեանց: Մեզի համար կարեւոր տուեալ է ժողովուրդի քաջալերանքն ու զօրակցութիւնը, վարժարաններու ու կառոյցներու աշխատանքը ապահովելու մեր ճիգին մէջ:
Այսպէս, ինչպէս մամուլով արդէն յայտարարուած է, կը ծրագրենք նուիրահաւաք-հանգանակութիւն մը կազմակերպել Կիրակի 16 Մարտ 2014ին, ուրկէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի վարժարաններու կարիքներուն: Նոյն պահուն, մեր հիմնական մտահոգութիւնն է կազմել յաջորդ տարուայ նախահաշիւը, հիմնուած ըլլալով այն իրողութեան վրայ, թէ կրթական նախարարութեան կողմէ ոեւէ հայ ուսուցիչի ամսաթոշակի ստանձնում կրնանք չունենալ:
Կարեւոր է հաւասարակշռել 2014ի տարեկան մեր հաշուեկշիռը, ապահովելու համար մեր գաղութային կառոյցներու գործունէութիւնը, ըստ մեր տնտեսական հնարաւորութիւններուն, խուսափելով անհարկի ծախսերէ:
Սխալներ կրնան եղած ըլլալ, ինչպէս եւ հաւանական է որ սխալներ գործուին ապագային մէջ եւս: Ասոնք սակայն արգելակիչ պէտք չէ դառնան գաղութի անխափան գործունէութիւնը պահպանելու հսկայական այս ճիգին մէջ, որ կը կատարուի կամաւոր առաքելութեամբ:
Մեծ ծրագիրներ յաջողուած են, մեր հայրենակիցներէն շատերու անձնազոհութեան եւ նուիրումին սիրոյն: Այդ պատճառով ալ, պէտք չէ արտօնենք որ ինչ-ինչ վրիպակներ խեղաթիւրեն մեր գաղութէն ներս իրագործուող ընդհանուր աշխա- տանքը:
Կը հաւատամ, թէ ապահովութեան շըրջանակ մը կառուցած ենք, խուսափելու համար անցեալի սխալներէ եւ մեղքերէ: Մեր տեսլականը կը կայանայ տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ գաղութային մեր կառոյցներու անխափան գործունէութիւնը, միաժամանակ մատուցուած ծառայութիւններու բարձր մակարդակը ապահովելու ճիգերուն վրայ: Եւ ընդհանուր այս ճիգին մէջ կը հաւատանք թէ կÿունենանք մեր հայրենակիցներու անսակարկ զօրակցութիւնը:
(«Արմենիքա», թիւ 79)