Թուրքիայի կողմէ Հայաստանի շրջափակումը քննադատած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենյակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը Պոլիս գտնուած օրերուն հարցազրոյց մը տուած է «Թարաֆ» թերթին։
Կիրօ Մանոյեան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա սահմանի բացման առումով անպատասխան եւ միակողմանի յայտարարութիւններ կը կատարէ։
Առաջին անգամ՝ 90 տարի անց
Դաշնակցութիւն կուսակցութեան՝ 90 տարուայ ընդմիջումէ յետոյ առաջին անգամ պաշտօնական պատուիրակութեամբ Թուրքիայի մէջ տեղի ունեցած ժողովին մասնակցած ըլլալու փաստը շեշտած Մանոյեանը յայտնեց. «Իրականութեան մէջ մի քանի տարի առաջ ալ Դաշնակցութեան երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչները Թուրքիա էին եկած՝ Սոցիալիստական երիտասարդական թեւի տարածաշրջանային ժողովին մասնակցելու նպատակով: Այն ժամանակ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութիւնը խնդիրներ ունէր Սոցինտերնի հետ, որու պատճառով չկարողացաւ ժողովի հրաւիրողը ըլլալ»:
Սիրիայի հարցով քննադատութիւն
Մանոյեանը նշելով, թէ ժողովին քննարկուեցաւ սիրիական ճգնաժամը, եւ թէ Ժողովրդա¬հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն պահանջած էր Սոցինտերնի ենթակայութեան տակ Սուրիոյ հարցով աշխատանքային խումբի մը ձեւաւորումը, ըսաւ. «Թէ՛ Քըլըչտարօղլուն, թէ՛ մենք քննադատեցինք Թուրքիան՝ Սուրիոյ ճգնաժամին մէջ իր ունեցած բացասական դերի կապակցութեամբ: Արտասահմանէն ծագող որոշ զինեալ եւ ծայրայեղական խումբեր Թուրքիայի միջով թափանցած են Սիրիա, եւ այդ վիճակը կը շարունակուի: Սուրիական խնդրի լուծումը հնարաւոր պիտի ըլլայ Սուրիոյ բնակչութեան բոլոր շրջանակներու համատեղ գոյատեւումն ապահովելու ու իրենց իրաւունքները երաշխիքի տակ առնելու պարագային»։
«Բարեկամական չէ»
Թուրքիայի կողմէ Հայաստանի սահմանը փակ պահուելու հարցի մասին Կիրօ Մանոյեանը ըսաւ. «1993էն ի վեր Թուրքիայի կողմից Հայաստանի նկատմամբ կիրառուող ցամաքային շրջափակումը եւ 1991էն մինչ օրս Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումի մերժումը բացայայտ կերպով ցոյց կուտան, որ Թուրքիան բարեկամական քաղաքականութիւն չի վարեր Հայաստանի ուղղութեամբ: Միջազգային օրէնքներուն համաձայն՝ շրջափակումը կարելի է անգամ ռազմական գործողութիւն համարել:
«Կարելի է հաշտեցման մասին տեքստ մշակել»
Մանոյեանը յայտնեց, որ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ շրջափակման վերացման ուղղութեամբ ոչ մի առաջխաղացում չըլլալու փաստը պայմանաւորուած է Թուրքիայի ապակառուցողական դիրքորոշումէն եւ հետեւեալը նշեց սոյն հարցի վերաբերեալ. «Դաշնակցութիւնը, որպէս քաղաքական կուսակցութիւն, կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ Հայաստանը պէտք է ետ քաշէ իր ստորագրութիւնը 2009 թ. Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններէն: Մեր կարծիքով, անոնց փոխարէն կարելի է մի տեսակ նախագծի տեսքով հաշտեցման մասին տեքստ ստորագրել: Նախագծի տեքստում կարող է արձանագրուել, թէ երկու երկրները համաձայնուել են դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել, ցամաքային ճանապարհով հաղորդակցութիւն ստեղծել, եւ երկու երկրների միջեւ եղած խնդիրները կարող են լուծուել՝ միջազգային օրէնքների համաձայն, խաղաղ միջոցներով»:
Թարգամանութիւնը՝ Մելինէ Անումեանի
Akunq.net