«ՀՕՄ-ը կ՛աշխատի դառն բաժակը հեռացնել հայորդիներէն»

Տագնապի սկիզբէն ի վեր ի՞նչ եղաւ Հալէպի եւ շրջաններու աշխատանքը: 

Սուրիոյ տարածքին մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր սկսած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը վերջին շրջանին մտահոգիչ սպառնալիք դարձաւ հայկական գաղութին:

Բոլոր շրջաններուն եւ քաղաքներուն մէջ՝ Դամասկոս, Ճեզիրէ, Գամիշլի եւ Հասաքէ, Լաթաքիա, Քեսապ եւ մանաւանդ Հալէպ, հայութիւնը ունեցաւ լուրջ դժուարութիւններ, նոյնիսկ՝ մարդկային զոհեր:

Բացի Հալէպէն, մնացեալ շրջաններուն մէջ կեանքը համեմատաբար աւելի բնականոն ըլլալով՝ ՍՕԽ-ի մասնաճիւղերը կարողացան իրենց գործունէութիւնները եւ ծրագիրները յաջողցնել, հակառակ կարգ մը դժուարութիւններուն՝ անոնք կազմակերպեցին ձեռնարկներ եւ գումարեցին անդամական ժողովներ:

Հալէպի մէջ 2012 Փետրուարին տեղի ունեցած առաջին պայթումին պատճառով սկսաւ կազմակերպուելու ինքնապաշտպանութիւն եւ նախազգուշական աշխատանքներ՝ հետագային աւելի վատ պարագաներ դիմագրաւելու համար: Այս վտանգաւոր կացութիւնը հետզհետէ աւելի զարգացաւ հայահոծ շրջաններու մէջ:

Թնդանօթներու հարուածներն ու կրակոցները, մէջ ընդ մէջ ականներու պայթումները պատճառ դարձան, որ Շրջանային վարչութիւնս դադրեցնէ նստավայրի՝ Հալէպի երեք մասնաճիւղերու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Շրջանային վարչութեան աշխատանքները:

 

Ի՞նչ եղան Շրջանային վարչութեան աշխատանքները:

Հակառակ տիրող կացութեան, Շրջանային վարչութիւնս շարունակեց իր բնականոն աշխատանքը՝ ըլլալով ինքնաբաւ մինչեւ 2012-ի Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը, երբ քաղաքին մէջ տեղափոխուելու անհնար պայմաններու պատճառով կազմալուծուեցան վարչութեան բոլոր աշխատանքները: Նաեւ, Հալէպ քաղաքի Նոր Գիւղի շրջանը, ուր կը գտնուին ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը, ազգային վարժարաններ, Ս. Գէորգ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները եւ ՍՕԽ-ի պատսպարանը, յայտնուեցաւ վտանգաւոր գօտիի մէջ:

Այսպէս, Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2012-ին, ազգապատկան «Սիս» շէնքի Ա. յարկին վրայ գտնուող ՍՕԽ-ի պատսպարանը թիրախ դարձաւ ընդհարումներու եւ յարձակումներու, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ պատսպարանի արեւելեան բաժինը կիսովին քանդուեցաւ: Պատսպարեալ փոքրիկները ապահով կերպով կարելի եղաւ փոխադրել «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահ, ուր կը մնան մինչեւ օրս՝ դիմագրաւելով կենցաղային որոշ դժուարութիւններ:

Փոքրիկները կրկին պատսպարան վերադարձնելու համար քանդուած սենեակներու վերաշինութիւնը կ՛ենթադրէ շինարարական մեծ ծախս, որ վարչութեանս համար լուրջ մտահոգութիւն է, ինչպէս նաեւ պատսպարանի յանձնախումբի հիմնական դժուարութիւններէն մէկը այն է, որ օրական ճաշի բարերարներու մեծ համեմատութիւն մը արդէն գաղթած է երկրէն:

Ներկայ պայմաններու բերումով ՍՕԽ-ի պատսպարանի փոքրիկներու խնամակալութեան կողքին, Շրջանային վարչութեան աշխատանքները կեդրոնացած են առողջապահական եւ խնամատարական օժանդակութիւններ մատուցելու շուրջ:

Հակառակ երթեւեկի դժուարութեան (ինքնաշարժի եւ վառելանիւթի տագնապի պատճառով)՝ շրջանին մէջ տիրող անբնակելի կացութեան, ելեկտրական հոսանքի անջատման եւ ըմպելի ջուրի չգոյութեան պատճառով, թաղամասերու մէջ զինեալ բախումներուն եւ դիպուկահարներու գոյութեան, հակառակ այս երեւոյթներուն, ՍՕԽ-ի դարմանատունը իր ծառայութիւնը մատուցեց շրջանի բնակչութեան, հայ թէ արաբ՝ անխտիր, նոյնիսկ՝ յետմիջօրէի ժամանակացոյցով, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00-ը:

Առողջապահական իր ծառայութեան դաշտը ընդարձակելու նպատակով եւ հասնելու համար այլ շրջաններու կարիքաւորներուն Շրջանային վարչութեանս որոշումով հաստատուեցաւ փոքրիկ դարմանատան կարելիութիւններով կեդրոն մը, Սիւլէյմանիէ շրջանի «Ս. Վրացեան» կեդրոնին մէջ, ամէն օր կէսօրէն ետք ժամը 3-6:

Առողջապահական իր ծառայութեան կողքին, Շրջանային վարչութիւնս կազմակերպեց առաջին բուժօգնութեան դասընթացքներ՝ շրջանի երիտասարդութեան համար, զանոնք օժտելով անհրաժեշտ գիտելիքներով, յաղթահարելու անակնկալ դէպքերը:

Դասընթացքը տեղի ունեցաւ 2012 Փետրուար ամսուան մէջ, որուն հետեւեցան շուրջ 200 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ եւ վարժարաններու ուսուցչուհիներ:

Տիրող անգործութեան եւ երկու տարուան տնտեսական տագնապին պատճառով բազմապատկուած է խնամատարական յանձնախումբին դիմող նպաստընկալ ընտանիքներուն թիւը:

Նիւթական ծանր պայմաններու մէջ յայտնուելով հանդերձ, վարչութիւնս կը շարունակէ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալ բոլոր կարիքաւորներուն՝ ամսական հերթականութեամբ բաժնելով սննդամթերք եւ կենցաղային զանազան իրեր:

Սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապալի շրջագիծին մէջ, գլխաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, սուրիահայ կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու, կազմուեցաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմինը՝ միասնականութեան սկզբունքով եւ միակամ աշխատանքով, տեղական պայմաններուն եւ կացութեան համապատասխան գործունէութիւն կազմակերպելու համար:

Յիշեալ մարմինին մէջ ՍՕԽ-ի ներկայացուցիչն է վարչութեանս ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեանը:

Մարմինի աշխատանքին շրջագիծը կ՛ընդգրկէ շտապ օգնութեան օժանդակութիւն եւ ապահովական մարզերը:

Այս աշխատանքները հետապնդելու համար կեանքի կոչուած Հալէպահայութեան շտապ օգնութեան մարմինի գործադիր յանձնախումբին մէջ կը գործեն Շրջանային վարչութենէն‘ Անի Մուրատեան եւ Մարալ Սեմերճեան:

Շտապ օգնութեան աշխատանքի ծիրէն ներս ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը նկատի առնուած է Հալէպի Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին մէջ գործող միակ առողջապահական կեդրոնը, որ օժտուեցաւ անհրաժեշտ դեղորայքով եւ շտապ օգնութեան սարքերով:

Ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան օգնութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս «Օգնիր եղբօրդ» կարգախօսով Հայաստանէն հասած դեղերը յանձնուեցան միութեանս՝ զանոնք բաժնելու դարմանատուն ներկայացող բոլոր հիւանդներուն:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ աշխարհասփիւռ միաւորներու նիւթական ներդրումով, Նոյեմբեր 2012-էն սկսեալ ՍՕԽ-ի «Փեթակ» պատրաստ ճաշի խոհանոցին մէջ սկսաւ «Պնակ մը տաք ճաշ»-ի ծրագիրը:

Սկզբնական շրջանին շաբաթը մէկ օր, հետագային բարձրացաւ 2 օրուան, իսկ 1 Մայիս 2013-էն սկսեալ շաբաթը 3 օր՝ Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը: Իւրաքանչիւր օր 100 հոգի կ՛օգտուի այս ծրագիրէն:

Հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն՝ ճաշի պատրաստութիւնը տեղի կ՛ունենայ ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, ելեկտրական հոսանքի եւ ըմպելի ջուրի յաճախակի չգոյութիւնը բաւական կը դժուարացնէ աշխատանքը, սակայն հայ ընտանիքի մը օրական տաք ճաշ մը մատուցելու բարերար գործը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ վարչութեանս եւ աշխատող ընկերուհիներուն:

Շնորհակալութիւն՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր ընկերուհիներուն, այս ծրագրին իրենց ունեցած նիւթական օժանդակութեան համար:

Ներկայիս խիստ կարեւոր այս ծրագիրին յաջողութիւնը պայմանաւորուած է ապագային բարերարներու ապահովմամբ:

 

Աշխատանքի ընթացքին ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաք:

Տիրող կացութեան պատճառով համատարած իրավիճակը ազդած է ամբողջ գաղութին վրայ:

Դադրած են գրեթէ բոլոր արհեստները, արտաքին առեւտուրը, գործարանները անդամալոյծ վիճակի մէջ յայտնուած են, կենսական բոլոր նիւթերուն գիները բարձրացած են, եւ աղքատ ու միջին դասակարգը նիւթական լուրջ տագնապի մատնուած է, իսկ նիւթական որոշ կարողութիւններ ունեցող խաւի կարեւոր մէկ համեմատութիւնը արդէն լքած է երկիրը: Այս ընդհանուր համապատկերով, նոյնիսկ միութեանս մակարդակին, ՍՕԽ-ի գործօն անդամներու թիւին 35 տոկոսը իր պաշտօնները լքած եւ հեռացած է քաղաքէն, ունինք մարդուժի լուրջ դժուարութիւն:

Երկրին քաղաքական եւ տնտեսական տագնապին իբրեւ հետեւանք՝ Շրջանային վարչութեանս եկամտաբեր արդիւնաբերական ձեռնարկները դադրած են գործելէ, առանց շահ ապահովելու հեռանկարի, նոյնիսկ ինքնաբաւ ըլլալու իրավիճակը ներկայիս անկարելի է: Այս բոլորին կողքին, վարչութիւնս ամսական նիւթական մեծ պարտաւորութիւններ ունի, ինչպէս՝ պաշտօնեաներու վճարումները. 45 պաշտօնեաներ, հակառակ իրենց չգործելուն, վարչութիւնս բնաւ չդադրեցուց անոնց հերթական ամսականները եւ գործէ չարձակեց ոեւէ պաշտօնեայ:

Ինչպէս նաեւ ամսական դեղորայք, բժշկական դարմանումներու եւ խնամատարական յանձնախումբի ընտանիքներու սննդանիւթի նիւթական ապահովումը Շրջանային վարչութեանս համար վերջերս դարձած է շատ մեծ մտահոգութիւն: